Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ երեկոյեան հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր հաշտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրէ:
Ան նշեց, թէ ճիշդ է, որ ատիկա կը նշանակէ խորհրդարանին մէջ աթոռ մը կորսնցնել, սակայն այդ քայլը յաղթանակ է իրենց դատին եւ ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հաստատութենական պետութեան կերտման իրենց նպատակներուն:
«Հարիրիի հետ հաշտութիւնը միացեալ կեցուածք մըն է, որ ուղղուած է սիւննի համայնքը փտածութեամբ ամբաստանողներուն», ընդգծեց Ռիֆի:
Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան 11 միլիառ տոլարի գումար մսխելու յանցանքով ամբաստանելու փորձերուն` Ռիֆի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարողը իր հակակշիռէն դուրս պէտք է բերէ Պէյրութի միջազգային օդակայանի եւ նաւահանգիստի մաքսատան տուրքերը զանց առնելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ դադրեցնէ դրամի լուացումը: