Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անոր Կատարած Ստապատիր Ամբաստանութիւններուն Համար . Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Դատական Հարց Յարուցեց Լրագրող Ղասսան Սէուտի Դէմ

Մարտ 12, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դատական հայց ներկայացուց լրագրող Ղասսան Սէուտի դէմ:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 6 մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան փաստաբանը Լեռնալիբանանի վերաքննիչ ատեանի դատախազութեան ներկայացուց գանգատ մը, ուր կը յիշուի, որ մեղադրեալ Ղասսան Սէուտ 25 փետրուար 2019-ին, «Օ. Թի. Վի.» կայանի «Տարուրի նըհքի» հաղորդումին ընթացքին յերիւրանքներ եւ քրէական բնոյթի զրպարտութիւններ կատարած է հայցուորին դէմ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դատական հայցը Սէուտի կատարած յայտարարութիւնը բառացիօրէն մէջբերելէ եւ ձայնագրութիւնը կցելէ ետք դիտել տուաւ, որ «մեղադրեալը ըսած է, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինչ որ փոխանակում կատարած է Պուրճ Համուտի բնակիչներու հաշուոյն, գանձած է 110 միլիոն տոլար, եւ մսխած է այդ գումարը, մինչ պէտք է բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործէր»:

«Այս ամբաստանութիւնները ուղղակիօրէն ՀՅ Դաշնակցութեան ուղղելէ ետք, հերթը եկաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ մեղսակից նկատուեցաւ եւ հաւասարապէս պատասխանատու, երբ Ղ. Սէուտ ըսաւ. «Մարդիկ թող երթան հարց տան Դաշնակցութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, թէ այս գումարները ո՞ւր գացին, որովհետեւ հոս իսկական գայթակղութիւն կայ», նշեց հայցը:

Քաղաքապետութիւնը նկատել տուաւ, որ այս խօսքերը բնակչութիւնը կը գրգռեն իրեն դէմ եւ կը զրպարտեն զինք:

«Մեղադրեալ Ղասսան Սէուտ դիտմամբ սուտեր արձակեց, բարոյական մեծ վնաս պատճառեց հայցուորիս վարկին եւ համբաւին` անհրաժեշտ դարձնելով այս հայցը», ըսաւ քաղաքապետութիւնը, որ ներկայացուց քրէական օրէնսգիրքի, մամլոյ յանցագործութեանց եւ լսատեսողական սփռումներու օրէնքներու այն յօդուածները, որոնք կը հաստատեն իր տեսակէտը:

Հայցը նկատել տուաւ, որ յայտագիրի խօսնակը չէ ընդմիջած մեղադրեալը եւ անոր հարց չէ տուած, թէ որո՞նք են իր աղբիւրները, իսկ մեղադրեալը ոչ մէկ ապացոյց տուած է, ոչ մէկ հիմնաւորում:

Ան բաւարարուած է դիտումնաւոր կերպով վնաս հասցնելով հայցուորին` քաջ գիտնալով, թէ այս սուտերը անհիմն են. ան նոյնիսկ նուազագոյն ճիգը չըրաւ դիւրին ստուգումներ կատարելու:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նկատել տուաւ, որ կարելի չէ այս արարքը արդարացնել պատսպարուելով կարծիքը ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքին ետին, որովհետեւ այդ իրաւունքը երաշխաւորող օրէնքն իսկ կ՛արգիլէ զայն չարաչար օգտագործել այլոց վարկաբեկելու եւ վատաբանելու համար:

«Մեղադրեալի բոլոր արարքներն ու սուտերը բարոյական ծանր վնաս պատճառեցին հայցուորիս. հարցը կը վերաբերի Լիբանանի մեծագոյն քաղաքապետութիւններէն մէկուն, եւ քաղաքապետն ու խորհուրդի քսան անդամները վայելած են իրենց շրջանի բնակչութեան ու քուէարկողներուն անվերապահ վստահութիւնը, իսկ այս զրպարտութիւնները այդ վստահութեան ու քաղաքապետարանի գործունէութեան վնաս կը հասցնեն», ըսաւ հայցը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դատախազութեան ներկայացուցած իր հայցին մէջ կը մեղադրէ Ղասսան Սէուտը եւ բոլոր անոնք, որոնք հետաքննութեամբ ի յայտ կու գայ, թէ մեղսակից են, պահանջելով հարցաքննել զանոնք, օրինական պատիժները տնօրինել անոնց դէմ եւ դատական ծախսերը գանձել անոնցմէ:

Քաղաքապետարանը նաեւ կը պահանջէ վնասուց խորհրդանշական հատուցում` հազար լիբանանեան ոսկի, եւ պարտադրել, որ մեղադրեալը իր հաշուոյն սփռէ վճիռը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Տնտեսական Եւ Ընկերային Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Սանզէն, 115-111 Արդիւնքով

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?