Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման, նշանակումներ կատարելու, տեղահանուածներու թղթածրարը վերջնականապէս լուծելու, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը բարեկարգելու եւ փտածութեան դէմ պայքարը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:



