Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը կարեւոր է եւ պահանջուածը այն է, որ տեղահանուածներուն հարցով լիբանանեան պետութիւնը աւելի լուրջ եւ աշխուժ ըլլայ:
Պլոքը ընդգծեց, որ խնդրոյ առարկայ մարմիններուն մօտ կառավարութիւնը պէտք է բարձրաձայնէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլէ թշնամի Իսրայէլին լիբանանեան ջուրերուն ու հոն գտնուող բնական հարստութիւններուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարելէ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ պէտք է յստակ գործիքակազմ մը որդեգրել` պետական նշանակումները կատարելու եւ քննիչներուն դերակատարութիւնը ճշդելու առումով:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը համաձայն գտնուեցաւ, որ պետական մարզին մէջ գործող պաշտօնեաներուն եւ պետական պաշտօնատարներուն դրամատնային հաշիւներուն գաղտնութիւնը չեղեալ նկատուի: