Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը սահմանամերձ Քասըր գիւղաքաղաքին մօտ կրակոցի ենթարկուեցաւ: Բարեբախտաբար վիրաւորներ չարձանագրուեցան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Աքքարի երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի միջեւ հաշտութիւնը խաղաղեցուցած է Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ը լիբանանցի ժողովուրդին ինթիֆատան է ընդդէմ սուրիական հոգատարութեան եւ յօգուտ պետականաշինութեան ու լիբանանեան գերիշխանութեան վերականգնումին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն գործել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու սկզբունքներուն համաձայն` աւելցնելով, որ երբ լիբանանցիները միասնական դառնան, անկարելին կարելի կը դարձնեն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ողջունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի միջեւ հաշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն դատական իշխանութիւններուն վրայ իրենց բանեցուցած ճնշումին ու դատական իշխանութեանց աշխատանքներուն իրենց միջամտութեան վերջ տալու:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան հրապարակեց երեք շրջաբերականներ, որոնք կը վերաբերին հին կառոյցներու արժեւորման, ինչպէս նաեւ թափառող շուներու երեւոյթին վերջ տալու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ իսրայէլացի թշնամիին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պիտի պայքարին, եւ այդ պայքարէն լիբանանցիները յաղթական դուրս պիտի գան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց, որ այսօր տեղի ունենալիք Մարոնիներու լիկայի նախագահի ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գայ յարմարագոյն թեկնածուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրեն համար Մարտ 14-ը յատուկ կերպով չի նշուիր, որովհետեւ ամէն օր Մարտ 14 է: Նշենք, որ Ժահժահ այսօր հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Մեհրապի մէջ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ հանդիպումը երէկ գումարելէ ետք իր ընթացիկ նիստը, շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կարիքը ունի բարեկարգումներու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ անկախ ոմանց արտայայտութիւններէն, անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւնները բնականոնացնել: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցելու, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարելի ըլլայ ապահովել:

 

 

Նախորդը

Թել Աւիւ Հրթիռակոծուեցաւ

Յաջորդը

Ռիֆի. «Հարիրիի Հետ Հաշտութիւնը Միացեալ Կեցուածք Մըն Է, Որ Ուղղուած Է Սիւննի Համայնքը Փտածութեամբ Ամբաստանողներուն»

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.