Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը կը ջանայ փակել Լիբանանը եւ Սուրիան իրարու կապող Պեքաայի ապօրինի անցքերը` հակակշիռի տակ առնելու համար երկրին սահմաններուն անվտանգութիւնը եւ արգիլելու համար ահաբեկիչներուն Լիբանան ապօրինի մուտքը: Միւս կողմէ, բանակի ջոկատները Պրիթելի մէջ կատարեցին ներխուժումներ` ձերբակալելու համար դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմը լիբանանեան պետութեան վնաս հասցնելու միտում չունի, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի Պրիւքսելի խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող լիբանանեան քաղաքականութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են լիբանանեան պետութեան ամավարկը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պատրաստելու:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Ֆատի Ժրայսաթի կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ իրենց կողմէ իրագործուելիք որեւէ աշխատանք պիտի կատարուի կենսոլորտի խորհրդարանական յանձնախումբին խողովակով:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը կարիքը ունի ֆինանսաւորումի, իսկ ֆինանսաւորող կողմը միջազգային ընտանիքն է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք զիրենք պիտի ստիպէ Սուրիոյ ոճրագործ վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ելեւմտական մարզին մէջ բարեկարգումի փորձեր կատարելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Պրիւքսել ուղղուող լիբանանեան պատուիրակութեան կեցուածքը պէտք է համընկնի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու որեւէ քայլ Պաղեստինեան իշխանութեան եւ պաղեստինցիներուն դէմ հարուած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոժէ Ազար հաստատեց, որ տեղահանուածներու հարցը կարիքը ունի միացեալ կեցուածքի, իսկ փտածութեան դէմ պայքարը կը գտնուի ճիշդ ուղիին վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս տեղահանուածները կարելի է Սուրիա վերադարձնել` առանց Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա յուսախաբ եղած է այն իրականութենէն, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ չի դներ «Սետր»-ի խորհրդաժողովով որդեգրուած բարեկարգումները իրագործելու:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահած հոսանքը կը շարունակէ խոչընդոտել սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:

 

 

Նախորդը

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք, Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած` Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մասնակի Ընտրութիւններ. Հասան Կը Ճշդէ Ընտրութիւններուն Թեկնածութիւն Առաջադրելու Ժամկէտը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.