Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Դատական Իշխանութիւնները Քաղաքական Հետեւորդութենէ Ազատելու

March 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արհեստագիտութեան եւ ներդրումի նախարար Ատել Աֆիունին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան կարեւորութիւնը եւ այդ մարզը բարգաւաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնն ու յաջորդ փուլին Լիբանանի կառավարութեան գործունէութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Բանտերու աշխատանքի գործադիր խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց բանտերուն պարզած ներկայ իրավիճակն ու դիմագրաւած հարցերը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ բանտերու օրակարգը պիտի ըլլայ դատական իշխանութեան թղթածրարի քննարկումներուն կարեւորագոյն կէտը եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով պիտի քննարկուի նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք «Դէպի յաւելեալ արդարութիւն» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին ընթացքին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ բանտերուն տագնապը ուղղակիօրէն կապ ունի դատական իշխանութիւններուն, դատարաններուն եւ ընդհանուր դատախազութեան գործունէութեան հետ:

Նախագահ Աուն հաստատեց փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ արդարութիւնը պարտադրելու համար պէտք է աշխատիլ դատական իշխանութիւնները համակարգը բարեկարգելու եւ զանոնք քաղաքական հետեւորդութենէ ազատելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքի Նիստին, Ինչպէս Նաեւ Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.