Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութիւնը Համախմբուած Կերպով Պէտք Է Իրականացնէ Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձը» Շեշտեց Քանաան

March 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:

Նիստէն ետք Քանաան հաստատեց, որ հիմնական նպատակը կը մնայ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը` աւելցնելով, որ բոլոր ձեւականութիւնները կ՛արժանանան այս ազգային – ռազմավարական նպատակին դիմաց, ամէն մակարդակներու վրայ:

«Մենք` իբրեւ համախմբում եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն, առաջին օրէն պահանջեցինք սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը, եւ մեր որոշումը ճիշդ դուրս եկաւ այս իմաստով», ըսաւ ան:

Քանաան շեշտեց, որ այս թղթածրարին լուծման առնչութեամբ պէտք չէ քինախնդիր մօտեցում ցուցաբերել, ոչ ալ զբաղիլ կողմնակի տարակարծութիւններով, որոնք մակերեսային կը մնան:

«Կառավարութիւնը համախմբուած կերպով պէտք է իրականացնէ տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը», շեշտեց Քանաան:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան մաս կազմող եւ խորհրդարանական քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնականութեամբ պահանջելու տեղահանուածներուն ապահով վերադարձը Սուրիա, որովհետեւ անիկա առաջնահերթութիւն է եւ կ՛երաշխաւորէ կառավարութեան արդիւնաբերութիւնը:

Քանաան նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ պետական ամավարկի վաւերացումն ու ելեւմտական մարզի բարեկարգումներու գործադրութիւնը:

Ան շեշտեց, որ հիմնական կը մնայ այն իրականութիւնը, որ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը ընթանայ օրէնքները յարգելով եւ պետութեան շահերը յարանուանութիւններուն ու կուսակցութիւններուն շահերուն չզիջելով: «Միայն այս ձեւով է, որ փոփոխութիւն եւ բարեկարգում կարելի է իրագործել», եզրափակեց Քանաան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Պու Սաապը

Յաջորդը

Ժան Փիեռ Լաքրուա Հաստատեց Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Հետ Գործակցութիւնը Շարունակելու Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.