Լաքքիս. «Տոհայի Շուկաները Բաց Են Լիբանանեան Երկրագործական Արտադրութիւններուն Դիմաց»
Երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիս` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտի, երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` Ապտալլա պըն Ապտելազիզ Սպէյհիի հետ, ներկայութեամբ Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Նաժըմի եւ քաթարցի պետական անձնաւորութիւններու: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները: Լաքքիս յայտնեց, որ լիբանանեան երկրագործական արտադրութիւններուն դիմաց Տոհայի շուկաները բաց են:


















