Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Սրի Լանքայի Պայթումները

Ապրիլ 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանը պաշտօնապէս դատապարտեց Սրի Լանքան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ Ս. Զատկուան օրն իսկ պայթումներու թիրախ դարձան եկեղեցիներ եւ պանդոկներ` պատճառելով հարիւրաւոր զոհեր:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խստիւ դատապարտեց Սրի Լանքայի եկեղեցիները, պանդոկներն ու հանրային վայրերը հարուածող պայթումները:

Ան ցաւակցագիր մը յղեց Սրի Լանքայի նախագահ Մայթրիփալա Սիրիսենային` ցաւակցութիւն յայտնելով պայթումներուն պատճառով զոհուած հարիւրաւոր քաղաքայիններուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Նախագահ Աուն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը յայտնեց Սրի Լանքային` աղօթելով, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Աստուած յարութեան արժանացնէ եկեղեցիներուն մէջ զոհուած հաւատացեալները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ զայն արմատախիլ ընելու միջազգային ջանքերու կարիքը կայ, որ անհրաժեշտութիւն է:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր եւ խորհրդարանին անունով դատապարտեց Սրի Լանքան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք պատճառեցին մեծ թիւով զոհեր:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Սրի Լանքային եւ անոր ժողովուրդին` դատապարտելով կոյր ահաբեկչութիւնը, որ Ս. Զատկուան օրով թիրախ դարձուց երկրին եկեղեցիները:

Վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Սրի Լանքայի պայթումները` հաստատելով, որ իսլամութիւնը կ՛արգիլէ մարդկութեան դէմ յարձակումներ գործելով անոր վնաս հասցնելը:

Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ Սրի Լանքայի մէջ պատահածը իրարու հետ գործակցելու եւ զիրար յարգելու կոչ ուղղող կրօններուն դէմ ահաբեկչական մատնահետքեր կը կրէ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Սրի Լանքայի եկեղեցիները թիրախ դարձուցած պայթումները, որոնք պատճառեցին 290 զոհեր եւ վիրաւորեցին 500 ուրիշներ:

Ռայի պատրիարքը խստիւ մերժեց կրօնի անունով մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու արարքները: Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու ատելութիւն, անիրաւութիւն, ահաբեկչութիւն եւ տգիտութիւն սերմանող այս մշակոյթին:

Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Սրի Լանքայի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան դատապարտեց Սրի Լանքայի պայթումները եւ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան, ծայրայեղութեան եւ վայրագութեան դէմ համախմբուելու:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Սրի Լանքայի կառավարութեան եւ ժողովուրդին` ինկած զոհերուն համար:

Շէյխ Հասան կոչ ուղղեց իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միասնական կերպով պայքարելու ահաբեկչութեան, ծայրայեղութեան եւ վայրագութեան, ինչպէս նաեւ այդ մտայնութիւնը զարգացնող մշակոյթին դէմ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց Սրի Լանքայի պայթումները, որոնք պատճառեցին հարիւրաւոր հաւատացեալներու մահը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ահաբեկիչները ֆինանսաւորող եւ զինող աշխարհի ղեկավարներուն` անսալու իրենց խղճին եւ վերջ տալու այդ ֆինանսաւորումին, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը թիրախ պիտի դարձնէ բոլոր կրօններն ու հաւատալիքները:

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ս. Զատկուան առիթով Սրի Լանքայի մէջ հաւատացեալները թիրախ դարձնելու արարքը:

«Ահաբեկչութիւնը կրօն չունի: Կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ աշխարհի հաւատացեալներուն, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց կրօնն ու յարանուանութիւնը` միասնականութեամբ դէմ դնելու ահաբեկչութեան այս ախտին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ հաստատեց, որ Սրի Լանքայի մէջ պատահածը ամէն իմաստով դատապարտելի ահաբեկչական արարք մըն է, որ կը փաստէ, թէ աշխարհը կարիքը ունի ծայրայեղութեան վերջ տալու եւ ներողամտութեան ու սիրոյ տրամաբանութիւնը ատելութենէն եւ ոխէն գերադաս նկատելու ճիգերուն:

Լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու համախմբումը իր կարգին դատապարտեց Սրի Լանքան հարուածող ահաբեկչական գործողութիւնը` շեշտելով, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը պատասխանատու է ծայրայեղութիւնը, հաւատադրժողականութիւնը եւ ահաբեկչական խմբաւորումները քաջալերելու երեւոյթին:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Սրի Լանքան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը` հաստատելով, որ ծայրայեղութեան կարելի է դիմադրել հանդուրժողականութեան քաղաքականութեամբ:

Նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի դատապարտեց Սրի Լանքայի պայթումները` շեշտելով, որ պէտք է որդեգրել ահաբեկչութեան սանձը կտրող քաղաքականութիւններ:

 

 

Նախորդը

Ապտալլա Ռապիյա Ժամանեց Լիբանան

Յաջորդը

«Ամրան Ընթացքին Զբօսաշրջական Եղանակի Տուեալները Շատ Լաւ Են» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?