Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. «Ո՛վ Որ Բաւարար Փորձառութիւն Չունի, Թող Պաապտա Հրամմէ՛, Որպէսզի Իր Հարցերը Լուծենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 23, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ` ներկայ գտնուելու համար Ս. Զատկուան առիթով մատուցուելիք պատարագին:

Նախքան պատարագը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն փարատեց լիբանանցիներուն մտավախութիւնները` հաստատելով, որ համեստ դասակարգին վրայ նոր տուրքեր պիտի չպարտադրուին: «Մենք գիտենք, թէ ե՛րբ եւ ինչի՛ վրայ պէտք է տուրք պարտադրենք, իսկ Լիբանան պիտի բարգաւաճի եւ աստիճանաբար դուրս պիտի գայ իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տագնապ մը, որուն լուծումը արդէն իսկ կ՛ապահովուի, եւ բոլոր կողմերը տիւ ու գիշեր պէտք է գործեն, որպէսզի տագնապալի այս իրավիճակը շուտով վերջ գտնէ, որովհետեւ ժամանակը այլ բան չ՛արտօներ: Իսկ ո՛վ որ բաւարար փորձառութիւն չունի այդ տագնապը շուտով աւարտելու, ապա թող հրամմէ՛ Պաապտա, եւ մենք կրնանք լուծումներ տալ անոր», ըսաւ նախագահ Աուն:

Առանց զինք անուանելու, սակայն վարչապետ Սաատ Հարիրիին ուղղուած նախագահ Աունի այս յայտարարութիւնը վատ անդրադարձ մը ունեցաւ երկրին մթնոլորտին վրայ, սակայն տօնական մթնոլորտը մնաց տիրական, իսկ պետական ամավարկի քննարկումը որոշուեցաւ կատարել կառավարութեան յաջորդ նիստին` հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2019-ին:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան վարչապետ Հարիրի կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ սեղմումներն ու կրճատումները իրենց նախասիրութիւնները չեն, սակայն անոնք պիտի օժանդակեն, որ «Սետր»-ի ծրագիրները իրագործուին, «ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ պետական գանձարկղին գումարներ ապահովել: Իսկ յառաջիկայ տարի ոչ մէկ կրճատում պիտի կատարուի», ըսաւ վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յայտարարութեան պիտի չպատասխանէ: «Քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կը ջանայ իրագործուած նուաճումները իւրացնել: Ինծի համար ատիկա անկարեւոր է, որովհետեւ արդիւնքն է կարեւորը: Յոյսով ենք, որ հինգշաբթի օր կազմ ու պատրաստ կը ներկայանանք», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:

Նշենք, որ Ս. Զատկուան առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ պետական ամավարկին մէջ որդեգրուելիք կրճատումները աղքատները եւ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիները թիրախ պէտք չէ դարձնեն:

Ան կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարը աշխուժ թափով շարունակելու:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ: Ան Ս. Զատկուան առիթով շնորհաւորեց պատրիարքը:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Անձնապէս Անհաւանական Կը Գտնեմ Իսրայէլի Կողմէ Լիբանանի Դէմ Սանձազերծուելիք Պատերազմ Մը»

Յաջորդը

Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.