ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կատարեց ֆէյսպուքեան հետեւեալ գրառումը.
«Ապրիլ 24.
Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակ.
Մարդկութեան դէմ գործադրուած մեծագոյն ոճիրին յիշատակը.
Այսօր կը խոնարհինք թրքական ահաբեկչութեան զոհ գացած հայ նահատակներուն յիշատակին առջեւ.
Այսօր կը վերանորոգենք գոյատեւելու եւ պայքարելու մեր վճռակամութիւնը.
Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նիւթական ու բարոյական հատուցում տրամադրէ.
Աշխարհը պէտք է պատժէ ոճրագործը, որպէսզի չկրկնուի ոճիրը»:
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կատարեց ֆէյսպուքեան հետեւեալ գրառումը.
«Ապրիլ 24.
Մարդու կողմէ իր եղբայր մարդուն դէմ գործուած ամէնէն ահաւոր ոճիրը.
Ապրիլ 24.
Իրեն մահ վիճակուած ըլլալով հանդերձ կենդանի մնացած ժողովուրդի մը կամքի յաղթանակի յիշատակը.
Ապրիլ 24.
Պատմութիւնը պիտի վկայէ եւ ապագան պիտի արձանագրէ.
Թուրքերը պիտի ճանչնան.
Իսկ հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէ»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան այս առիթով կը գրէ. «Ապրիլ 24-ին չէ որ կը յիշենք մենք մեր նահատակները, այլ ամէն օր: Ապրիլ 24-ին մենք ամբողջ աշխարհին կը յիշեցնենք, որ մարդկութեան դէմ գործուած Ա. Ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալն է պատճառը այլ ցեղասպանութիւններու գործադրութեան: Իսկ այսօրուան մեր պայքարը մարդկութեան պայքարն է, որ կը մղուի անիրաւին ու իրաւազրկումին դէմ: Մենք այս պայքարը պիտի շարունակենք, մինչեւ որ ոճրագործը իր գործած սխալը ընդունի: Հայ դատի ի խնդիր մղուած պայքարը հպարտութիւն է, ինչպէս նաեւ ուսանելի օրինակ` բոլոր այն արդար դատերուն, որոնց համար կը պայքարինք այս սիրելի եւ անզուգական երկրին մէջ»:
Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն տարածեց հետեւեալ գրառումը. «Մեր Դատը մէկ է, պատգամը մէկ է, ճամբան մէկ է: Այդ ուղին միասին պիտի անցնինք իրարու ձեռք մեկնելով, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը յարգելով եւ մեր երկրին հաւատարիմ մնալով»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կը գրէ. «Կ՛ողջունեմ հայ ժողովուրդը եւ կը խոնարհիմ անոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ: Պատմութիւնը պիտի չմոռնայ այս վեհ ժողովուրդին զոհողութիւնները»:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութենէն 104 տարի անցած է արդէն եւ ժամանակն է ճանչնալու այս շրջանի հիմքը կազմող ժողովուրդի մը դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Թող ամբողջ աշխարհին մէջ արիւնահեղութիւնը վերջ գտնէ, եւ բոլոր պատերազմները մնան յիշատակ»:
Երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կը գրէ. «Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ միացեալ պատմութիւն մը կայ, որուն խորագիրն է նահատակութիւնն ու արմատներուն կառչածութիւնը: Կ՛ողջունենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ կը հաստատենք, որ Հայ դատը չի մեռնիր: Կը զօրակցինք հայկական արմատներ ունեցող մեր լիբանանցի եղբայրներուն եւ կը պահանջենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարութեան պարտադրումը»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կոչ ուղղեց Ապրիլ 24-ը յայտարարելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ ասորիներուն ու քաղդէացիներուն դէմ գործուած սպանդներու յիշատակին նուիրուած Լիբանանի ազգային օր:
Երեսփոխան Ռոժէ Ազար. «104 տարի առաջ գործուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քրիստոնեաներուն դէմ սպանդները ցարդ կը շարունակուին, սակայն անոնք կը պայքարին սիրոյ, խաղաղութեան, բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան ի խնդիր»:
Փոփոխութիւն շարժումի ղեկավար Էլի Մահֆուտ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով հայութեան նկատմամբ իրենց յարգանքը կը մնայ անփոփոխ, իսկ Հայ դատին հանդէպ իրենց յարգանքը կը պահուի կատարեալ համոզումով: «Հայ ժողովուրդին կառչածութիւնը իր պատմութեան ու յիշողութեան ուսանելի օրինակ է մեզի համար, որպէսզի մենք մեր կարգին կառչած մնանք մեր պատմութեան եւ արժէքը գիտնանք մեր նահատակներուն»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ թիութըրեան իր էջին վրայ տեղադրեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն աճիւնները ամփոփող Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց ծաղկեպսակի զետեղման լուսանկարը եւ գրեց. «Աստուած ողորմի հայ նահատակները եւ պահպանէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները»:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան ճակտին դրոշմուած կնիք մըն է: Մենք հպարտ ենք մեր հայ եղբայրներուն պայքարով եւ ինքնութեան պահպանման իմաստով անոնց վճռակամութեամբ»:
Երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Հայաստանէն Սրի Լանքա, եւ անցնելով Լիբանանէն, ժողովուրդներուն հաւատքը կը մնայ գերհզօր եւ այդ հաւատքը կ՛ամրանայ ու ոչ մէկ ցնցումի կ՛ենթարկուի, այնքան որ դժոխքն անգամ մեզ չի կրնար յաղթել»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ թուիթըրեան իր էջով տեղադրած է Ծիծեռնակաբերդը խորհրդանշող նկար մը եւ գրած հետեւեալը. «Պատմութեան ընթացքը կարելի չէ սրբագրել` զոհին եւ դահիճին միջեւ հաւասարութեան նշան դնելով»:
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով թուիթըրեան իր էջով տեղադրած է Ծիծեռնակաբերդը խորհրդանշող նկար մը եւ գրած հետեւեալը. «Դատ մը չի մեռնիր, եթէ անոր ետին գոյութիւն ունի պահանջատէր ազգ մը»:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի «Ինսթակրամ»-ի իր էջով տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկը եւ անոր կցեց հայերէնով ու արաբերէնով գրութիւն մը. «Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակ: Մենք չենք մոռնար»:
Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայ ժողովուրդն է, որ մեզի դասեր կու տայ այն ուժին մասին, որուն պատերազմներն անգամ չեն կրնար յաղթել: Հայ ժողովուրդը այն ժողովուրդն է, որ իր հողերը կորսնցնելով հանդերձ կառչած մնաց իր ինքնութեան եւ պահպանեց զայն` կերտելով պատմութիւն մը եւ պահելով Դատ մը, որոնք ցեղասպանութիւնն անգամ անկարող է ջնջել»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ, որ մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւին, կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն կցեց քայլարշաւի իր մասնակցութենէն լուսանկար մը. «Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւին ընթացքին: Կարելի է միայն ողջունել քայլարշաւին մասնակցող հազարաւորները, որովհետեւ անոնք կը յարգեն իրենց նահատակները եւ կը հաւատան իրենց դատին»:
Երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ թուիթըրեան գրառումի մը մէջ կ՛ըսէ. «Պատմութեան մէջ մարդկութեան դէմ ամէնէն ահաւոր ոճիրները գործուեցան, երբ հայ եւ ասորի ժողովուրդները ջարդերու ենթարկուեցան: Պատմութիւնը յարատեւ կերպով ամօթի կնիք պիտի դրոշմէ, մինչեւ որ հաւաքական այս ցեղասպանութիւնը ճանաչում ստանայ, եւ իրաւատէրերէն ներում հայցուի»:
Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն թուիթըրեան գրառումով մը շեշտեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը արդի պատմութեան մէջ սեւ էջ մըն է, որ խստիւ դատապարտելի է»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ ժողովուրդներ, դատեր եւ քաղաքակրթութիւններ մահացած են, սակայն հայ ժողովուրդը եւ Հայ դատը մնացած են կենդանի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ եւ աշխարհին դէմ կը պայքարի իր լեզուով, քաղաքակրթութեամբ եւ կորովով»:
Ուաատ կուսակցութեան ղեկավար Ճօ Հըպէյքա. «Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կ՛ողջունենք դիմադրող հայ ժողովուրդը, որ յատկանշուեցաւ աշխատասիրութեամբ ու աշխատանքով, եւ տէրը մնաց Հայ դատին` համարկուելով հանդերձ այն միջավայրերուն մէջ, ուր ան ապրեցաւ»:
Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ, իսկ Հայ դատը պիտի շարունակէ կենդանի մնալ, որովհետեւ ահաւոր սպանդներու ենթարկուած հայ ժողովուրդը տակաւին կը պայքարի, կառչած կը մնայ իր ինքնութեան եւ չ՛արտօներ պատմութեան խեղաթիւրումը, որքան ալ ժամանակ անցնի»:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը գրէ. «Այսօր ամբողջ աշխարհը կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը»:
Նախկին նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, թէ որքան ալ միջազգային խորհրդաժողովները եւ ուխտերը շատնան` մարդկային արդարութիւնը պիտի չվերականգնի, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը իր արդար իրաւունքներուն չէ տիրացած եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային հաշուետուութիւն չէ արձանագրուած:
«Հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդները մարդկութեան խղճին վրայ ծանրութիւն կը նկատուին: Արդարութիւնը պէտք է իր հունին մէջ մտնէ, իսկ ժամանակը որքան ալ երկար ըլլայ պիտի յիշենք եւ մինչեւ իրաւունքի տիրացումը պիտի չներենք», շեշտեց Թուէյնի:
Արաբական աշխարհի հեռատեսիլի խօսնակ, լիբանանահայ հանրածանօթ դէմք Նշան Տէր Յարութիւնեան «Ինսթակրամ»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ տեղադրած էր Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան մէջ ամփոփուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն աճիւններուն իր այցելութիւնը ցոյց տուող կարճ վիտէօ մը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով կատարած էր երեք լեզուներով գրառումներ:
Արաբերէնով. «Այսօր Ապրիլ 24 է: 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին, թուրքերուն ձեռամբ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը: Ցեղասպանութիւն մը, որուն ընթացքին նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր` ամբողջ ցեղ մը բնաջնջելու իբրեւ փորձ:
Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութիւնը կը նկատէ սովորական դէպք մը, որուն ընթացքին արձանագրուած են զոհեր: Ան նոյնիսկ կը մերժէ ներում հայցել հայոց դէմ գործուած ոճիրներուն համար: Անցնող 104 տարիները մոռացութեան չեն ենթարկեր իր իրաւունքը պահանջող իրաւատիրոջ իրաւունքը: Իրաւունքը իրաւունք է, նոյնիսկ եթէ ան 104 տարեկան է (1915-2019)»:
Անգլերէնով. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջ ցեղ մը բնաջնջելու պատմական փորձ մըն է. 20-րդ դարու ամօթի կնիքը»:
Հայերէնով. «Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք… Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ շատանա՛նք. Պարոյր Սեւակ»:
Լիբանանահայ բեմագիր Քլոտիա Մարշալեան ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ես ալ այն թոռներէն եմ, որոնք պիտի յիշեն… իմ ալ նախահայրերս սպանդի ենթարկուած են…: Հարիւր տարիէ աւելի է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մնայ ցեղասպանութիւն, իսկ ոճրագործը տակաւին չէ ճանչցած: Պիտի յիշենք եւ մեր կուրծքերուն վրայ անմոռուկը վառ պիտի պահենք` յիշելով մեր նահատակները… Մենք պիտի յիշենք, իսկ դուք ալ մեզի մի՛ մոռնաք»:
Միջին Արեւելքի մէջ լայն տարածում գտած «Ինսթակրամ»-ի Ատիլա կերպարը Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով զետեղած էր Ցեղասպանութեան լուսանկար մը եւ անոր վրայ աւելցուցած հետեւեալ գրառումը. «Որպէսզի չմոռնանք. 1915-1917 տարիներուն ընթացքին սպաննուեցան եւ տեղահանութեան ենթարկուեցան հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք կ՛ապրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Այդ ոճիրները իրենց ահաւորութեամբ կրնան հաւաքական Ցեղասպանութիւն կոչուիլ: Թող հանգիստ ննջեն նահատակներուն հոգիները եւ կեցցէ՛ հզօր հայ ժողովուրդը»:
ՀԱՅՈՑ ցեղասպանութեան 104-ամեակին լիբանանեան մամուլին եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն անդրադարձը` մեր յաջորդ թիւով: