Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Աշխատանքային Այցելութիւն Մը Տուաւ Թրիփոլի

Ապրիլ 24, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թրիփոլի, ուր դիմաւորուեցաւ «Արժանապատուութիւն» հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի կողմէ:

Նախարար Կիտանեան շրջեցաւ Թրիփոլիի հին շուկաներուն մէջ եւ այցելեց Ապտի բաղնիքը, օճառի շուկան, հնութիւնները, Մանսուրի մզկիթը, Թրիփոլիի բերդը, «Ռաշիտ Քարամէ» համալիրը, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ անոր ունեցած զբօսաշրջական կարեւորութեան:

Թրիփոլիի շուկաներուն մէջ սենտիքաներուն պատասխանատուները կոչ ուղղեցին նախարար Կիտանեանին, որ պետութիւնը հոգատարութիւն ցուցաբերէ քաղաքին ներկայացուցած զբօսաշրջական այս հարստութեան նկատմամբ:

Նախարար Կիտանեան այցելեց նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի առեւտուրի եւ տնտեսութեան պալատ, ուր բացումը կատարեց պալատին նախաձեռնութեամբ հիմնուած թուայնացած անկիւնին, ուր զետեղուած են 3 Տի. եւ 360 աստիճանի լուսանկարներ, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի պատմութեան, ինչպէս նաեւ տեսարժան վայրերու, որոնք ընդհանրապէս հիւսիսային Լիբանանի տարածքին մէջ առնուած են, սակայն ի վերջոյ այդ նկարահանումները պիտի ներառեն Լիբանանի բոլոր շրջանները:

Այս անկիւնը յատկացուած պիտի ըլլայ զբօսաշրջիկներուն, որպէսզի անոնք այցելեն այդ վայրը եւ ըստ այնմ որոշեն այն շրջանները, ուր կը փափաքին այցելել:

Նախարար Կիտանեան կարեւոր նկատեց այդ նախաձեռնութիւնը եւ գործակցութեան հիմնական առիթ` աւելցնելով, որ ինք անձամբ պիտի աշխատի այդ միտքը շուկայադրելու եւ տարածելու քայլերուն վրայ:

Ան շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի առեւտուրի եւ տնտեսութեան պալատին մէջ  գտնուող այս անկիւնը պիտի ըլլայ բոլոր զբօսաշրջիկներուն հանդիպման վայրը:

Աշխատանքային այցելութիւնը աւարտեցաւ Ֆայսալ Քարամէի կողմէ ի պատիւ նախարար Կիտանեանին սարքուած ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին Քարամէ յայտնեց, որ իրենք կը մեղադրեն եւ բարկացած են նախարարութենէն` Թրիփոլիի նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումի քաղաքականութեան համար:

Քարամէ նշեց, որ նախարարութեան զբօսաշրջական բոլոր ծրագիրները հիւսիսային Լիբանանի պարագային կանգ կ՛առնեն Պաթրունի մօտ` պահանջելով, որ Թրիփոլին ներառուի այդ ծրագիրներուն մէջ: Ան պահանջեց նաեւ, որ Թրիփոլիի մէջ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ գրասենեակ մըն ալ ըլլայ, որպէսզի շրջանին մէջ զբօսաշրջական աշխատանքները համադրէ:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ նախարարութեան վստահուած պատասխանատուութիւնը անոր ներուժէն աւելին է, «սակայն ճիգ պիտի չխնայեմ Թրիփոլիի հաշուոյն արդար ըլլալու», ըսաւ ան:

Ճաշկերոյթին աւարտին Քարամէ իբրեւ յուշանուէր նախարար Կիտանեանին յանձնեց «Արժանապատուութիւն» հոսանքի զինանշանը:

 

 

Նախորդը

Հարիրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնն Ու Բանակին Կարիքները

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանան Պատրաստ Է Ծովային Եւ Տնտեսական Շրջանի Սահմանագծում Կատարելու»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?