Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները:
Վարչապետը ընդունեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու ընդհանուր տնօրէնութեան վերաբերող հարցեր:
Հարիրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Դիւանագիտական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:



