Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայա Հասան Այցելեց Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան Կեդրոն

Ապրիլ 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Թանգարանի կեդրոնին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանը:

Հանդիպման ընթացքին Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ նախարար Հասանի կողմէ ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուութեան ստանձնումը յարգանքի արժանի է, որովհետեւ կնոջ դերակատարութեան նկատմամբ արդարութեան գործադրութիւնն է:

Ան շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը` գործակցելով ապահովական կառոյցներու մնացեալ տնօրէնութիւններուն հետ:

Ան նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ճիգ չի խնայեր ապահովական առումով պահպանելու այն մակարդակը, որուն հասած է եւ այն կայունութիւնը, որ կրցած է պարտադրել:

Ապպաս Իպրահիմ նախարարին ներկայացուց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան մշակած ապահովական նոր ծրագիրը եւ յաջողութիւն մաղթեց նախարարին` անոր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ:

Իր կարգին, Հասան բարձր գնահատեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աշխատանքները` հաստատելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն համար քաղաքացիին ծառայութիւնը նոյնքան կարեւոր պիտի ըլլայ, որքան երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը:

Ան շեշտեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ քաղաքացիին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով զինուորականները մտահոգող աշխատավարձերու կրճատումներու հաւանականութեան մասին լուրերուն` Հասան ընդգծեց, որ ինք կը հասկնայ անոնց մտահոգութիւնը` հաստատելով, որ ճիգ պիտի թափուի, որ անոնց աշխատավարձերն ու հանգստեան կոչուելու հատուցումները նուազագոյն չափով ազդուին:

Հասան իր յայտարարութիւնը եզրափակեց ըսելով, որ բոլորս պէտք է զիջինք, որովհետեւ երկիրը տնտեսական լուրջ տագնապ մը կը դիմագրաւէ:

 

 

Նախորդը

Սրի Լանքայի Մէջ Զոհերուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Հերթական Մեղադրանքը` Հայերուն Եւ Հայկական Սփիւռքին

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?