Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Անձնապէս Անհաւանական Կը Գտնեմ Իսրայէլի Կողմէ Լիբանանի Դէմ Սանձազերծուելիք Պատերազմ Մը»

April 23, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «Իմամ Մեհտի»-ի անուան սկաուտական միութեան հիմնադրութեան տօնին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ հիմնականը յոյսն է, որուն կարիքը ունին նորահաս սերունդները:

«Իմամ Մեհտի»-ի անուան սկաուտական միութեան առաքելութիւնն է նորահաս սերունդները դաստիարակել` անոնց հոգիներուն մէջ ներարկելով յոյսի նշոյլներ եւ Աստուծոյ եւ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմադրելու անձնական կարողութեան նկատմամբ վստահութիւն:

Անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ իրավիճակին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի նիւթական կացութեան եւ պետական ամավարկին իմաստով քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ կայ համախոհութիւն` այդ կացութեան բարդ եւ դժուար ըլլալու իրականութեան մասին:

«Անոնք բոլորը համաձայն են նաեւ, որ պէտք է լուծում գտնել կացութեան եւ սնանկութեան ու տնտեսական փլուզումի աստիճանին չյանգիլ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց նաեւ, որ երկրին մէջ կայ համախոհութիւն` ներկայ կացութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ տագնապը լուծելու, իսկ լուծումը կարիքը ունի բոլորին համագործակցութեան, «եւ այդ պատճառով ալ ան կարիքը ունի խիզախ, լուրջ եւ պատասխանատու որոշումներու», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ իբրեւ Հըզպալլա իրենք երկրին քաղաքական ուժերուն հետ պիտի ստանձնեն կառավարութեան մէջ ամավարկը քննարկելու եւ անոր քուէարկելու պատասխանատուութիւնը: «Մեզի համար պետական ամավարկը համազօր է երկրին ելեւմտական եւ վարչական իսկական բարեկարգումին, իսկ այսօր ընթացքի մէջ եղող խորհրդակցութիւնները կը նկատենք ոսկեայ առիթ մը` պետութեան մէջ տիրող ելեւմտական եւ վարչական փտածութեան վերջ մը դնելու», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հրապարակած այն յօդուածին, որուն մէջ գոյութիւն ունէին իր անձին վերագրուած յայտարարութիւններ, որոնք կ՛անդրադառնային Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծելիք հաւանական պատերազմի մը:

«Թէեւ սովորութիւն չունիմ նման յօդուածներու պարագային մեկնաբանութիւններ կատարելու, սակայն կը հաստատեմ, որ ամբողջ գրութիւնը շինծու է եւ անստոյգ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած: Ես ո՛չ մէկ հանդիպումի ընթացքին ըսած եմ, որ այս ամառ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ պիտի շղթայազերծէ եւ ո՛չ մէկ հանդիպումի ընթացքին ըսի, որ եթէ պատերազմ ըլլայ, ապա ձեզի հետ պիտի չըլլամ, որովհետեւ բնաւ չեմ բացակայած: Ամէն պարագայի, անձնապէս անհաւանական կը գտնեմ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմ մը», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը փափաքի պատժել Իրանը, Վենեզուելան եւ Սուրիան, «իսկ ինչ որ չկրցան զինուորական իմաստով իրագործել, կը փափաքին պատժամիջոցներով իրագործել: Ո՞ւր է միջազգային ընտանիքը, ո՞ւր է միջազգային օրէնքը եւ ո՞ւր են միջազգային ուխտերը», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան խստիւ դատապարտեց Սրի Լանքան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները` կոչ ուղղելով դիմադրելու ահաբեկչութեան, անոր արմատներուն եւ զօրակիցներուն:

 

Նախորդը

«Ամրան Ընթացքին Զբօսաշրջական Եղանակի Տուեալները Շատ Լաւ Են» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ. «Ո՛վ Որ Բաւարար Փորձառութիւն Չունի, Թող Պաապտա Հրամմէ՛, Որպէսզի Իր Հարցերը Լուծենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.