Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2019-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումն Ու Անոր Վաւերացումը Անհրաժեշտութիւն Են

Ապրիլ 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառավարութիւնը կը մղէ վաղն իսկ գումարելու իր նիստը եւ սկսելու 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումներուն, երէկ երեկոյեան յստակացաւ, որ նախարարաց խորհուրդը վաղը` հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2019-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 38 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ պիտի ընդգրկէ կարգ մը անմիջական կէտեր, որոնք արագ որոշումի կարիք ունին:

Այս առումով, յետմիջօրէին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան ուղարկեց պետական ամավարկի բարեփոխուած նոր տարբերակը, որ կ՛ընդգրկէ սեղմումներ եւ կրճատումներ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ 2017-ի քաղաքապետական անկախ սնտուկներէն հաւաքուած 700 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը փոխանցուեցաւ քաղաքապետութիւններուն եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններուն` ըստ օրէնքի եւ կանոնի:

Տրամադրուած գումարներուն հիմնական համեմատութիւնը պիտի յատկացուի ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային եւ զբօսաշրջական բարգաւաճման ծրագիրներու:

Հրամանագիրը կրեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի ստորագրութիւնները:

Միւս կողմէ, երէկ վարչապետ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց «Ախպար» օրաթերթին հրատարակած այն փաստաթուղթը, թէ վարչապետը կ՛ուղղուի պենզինի սակերուն վրայ տուրքեր պարտադրելու եւ Յաւելուած արժէքի տուրքի համեմատութիւնը 12 առ հարիւրի բարձրացնելու:

Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ «Ախպար» օրաթերթի հրատարակած այդ տեղեկութիւնները որակուեցան անճիշդ եւ շինծու:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու անհրաժեշտութեան, շեշտեց, որ ինք հաստատած է եւ կ՛ընդգծէ, թէ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պետական ամավարկը վաւերացնել` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մինչեւ 31 մայիս կրնայ առանց ամավարկի ցուցմունքներուն ծախսել:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ոմանք կը փորձեն երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապը լիբանանեան բանակին պատասխանատուութիւնը նկատել, սակայն երկրին տնտեսական քաղաքականութիւնն է, որ երկիրը այս վիճակին հասցուցած է եւ ոչ թէ պաշտպանութեան նախարարութեան ամավարկը:

Ան հաստատեց, որ բանակն է երկիրը պաշտպանողը, բանակայինն է երկրին բարօրութեան ու քաղաքացիին անվտանգութեան համար նահատակուողը, եւ բանակն է, որ յանձնառու պիտի մնայ պետական ամավարկի մը, որ նիւթական կրճատումներ կ՛ընդգրկէ, սակայն առանց փոփոխութեան ենթարկելու զինուորին աշխատավարձը:

Նախորդը

«Ահաբեկչութիւն Սնուցող Երկիրները Ժողովրդավարութեան Եւ Մարդկային Իրաւունքներու Չեն Հաւատար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտութիւնը Ազգային Բարձր Գիտակցութեամբ Արժանաւորապէս Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?