Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Տուպայ, ուր տեղի ունեցաւ զբօսաշրջական յատուկ ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին Լիբանան ներկայացաւ իր յատուկ տաղաւարով:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Զբօսաշրջութեան եւ ազգային աւանդներու ընդհանուր խորհուրդի վարչութեան պետ Ահմետ պըն Աքիլ Խաթիպի հետ, որ իր կարգին կը գտնուէր Տուպայ:
Նախարար Կիտանեան Տուպայի մէջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը վկայէ մեծ թիւով օտար զբօսաշրջիկներու վերադարձը:
Ան շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ գործող հինգ աստղանի պանդոկներուն զբաղուածութեան համեմատութիւնը արդէն իսկ հասած է հարիւր առ հարիւրի:
«Այս կը նշանակէ, թէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առումով մենք հասած ենք 2010-ի փառքի օրերուն, իսկ սէուտցի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան արգելքի վերացումով կը նախատեսուի, որ 2019-ին երեք հարիւր հազար սէուտցի այցելէ Լիբանան` ըստ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի տեղեկութիւններուն», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց կարգին ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի Ծոցի երկիրներու քաղաքացիները վերադառնան Լիբանան` զբօսաշրջութեան:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կ՛որդեգրուին մեծ թիւով քայլեր` փոփոխութիւններ յառաջացնելու եւ օդակայանը ընդարձակելու նպատակով, որպէսզի կարելի եղածին չափ խճողումի հարցը մեղմանայ:
Անդրադառնալով ճաշարաններու ցանցին` նախարար Կիտանեան նշեց, որ 2017-2018 տարեշրջանին Լիբանանի մէջ 2500 ճաշարաններ փակուած են, սակայն 4500 նորեր բացուած են` Պէյրութի եւ Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան իր ճաշարաններու ցանցով եւ զբօսաշրջական ենթակառոյցով պատրաստ է մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու: Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի զբօսաշրջութեան մարզի աշխատանքը բարելաւելու` օժանդակելու համար Լիբանանի տնտեսութեան:
Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան «Նաշրա» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կարելի է շօշափել Սէուտական Արաբիոյ պետութեան կողմէ սէուտցի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը վերացնող որոշումին արդիւնքը: «Սէուտցի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան վերադարձի կշռոյթը հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է` բաղդատած նախորդ տարիներուն, իսկ պանդոկները զբաղեցնելու դրութեամբ անոնք երրորդ դիրքը կը գրաւեն` իրաքցիներէն եւ եգիպտացիներէն ետք», հաստատեց ան:
Ֆիթրի տօնին առիթով պանդոկներու զբաղուածութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ յունիս ամսուան սկիզբէն սկսեալ նախատեսութիւն կայ հարիւր հազարաւոր սէուտցիներու Լիբանան այցելութեան:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը խոստացած է, որ Լիբանանի ամառը Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներով լեցուն ըլլայ:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց նաեւ, որ անկախ Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներէն, Լիբանան կ՛այցելեն նաեւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներ, յատկապէս Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն, Յունաստանէն եւ Գերմանիայէն:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ ամսուան ընթացքին հիւրընկալելու «Վիզիթ Լեպանոն» խորհրդաժողովի Գ. փուլը, որուն պիտի մասնակցին Եւրոպայէն, Չինաստանէն Ռուսիայէն եւ Հնդկաստանէն 150 ճամբորդական ընկերութիւններ եւ գրասենեակներ:
Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ դէպի Լիբանան եւրոպական զբօսաշրջութիւնը 30 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է` 2010-2018:
Անդրադառնալով Լիբանանի մասին տարածուած տարաձայնութիւններուն ունեցած հետեւանքներուն` երկրին զբօսաշրջութեան վրայ, Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ վարժութիւն դարձած է արդէն, որ ամէն տարի ամառնամուտին կը սկսին այս տարաձայնութիւնները` երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին, զբօսաշրջական համալիրներուն սղաճին, ծովու ապականումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ներխուժումի հաւանականութեան մասին: «Անշուշտ այս բոլորին նպատակը լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը հարուածել է, որպէսզի շրջանին մէջ այլ երկիրներու զբօսաշրջութիւնը շահեր ապահովէ: Ինծի համար նախատեսելի է նոյնիսկ, որ այս տարաձայնութիւնները կազմակերպուած ըլլան թշնամի Իսրայէլի կողմէ», եզրափակեց Ա. Կիտանեան: