Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամրան Ընթացքին Զբօսաշրջական Եղանակի Տուեալները Շատ Լաւ Են» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

April 23, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, եւ նկատի ունենալով երկու օր ետք 24 ապրիլ 2019-ին զուգադիպող Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք քայլարշաւը, կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու` նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս կատարուելիք երթին, որ պիտի աւարտի Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկով մը:

«Պէյրութ Ալեաում» յայտագիրին ընթացքին Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ամրան ընթացքին, յատկապէս Ֆիթրի տօնէն ետք, Լիբանանի զբօսաշրջութեան եղանակին տուեալները շատ դրական են` աւելցնելով, որ ատիկա կը փաստուի թռիչքներու եւ պանդոկներու զբաղուածութեամբ:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պանդոկներու զբաղուածութիւնը տարուան առաջին կիսուն արդէն իսկ 15 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ մը արձանագրած է: Ան ըսաւ, թէ մարտ ամսուան ընթացքին այդ աճը հասած է 22,8 առ հարիւրի:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ Պէյրութի պանդոկներուն պարագային առաջին երեք ամսուան ընթացքին պանդոկներու զբաղուածութեան համեմատութիւնը հասած է 66 առ հարիւրի, իսկ ապրիլ ամսուան ընթացքին` 85 առ հարիւրի:

«Անշուշտ այս համեմատութիւնները մեր ակնկալածը չեն, սակայն անոնք ցոյց կու տան, թէ զբօսաշրջական եղանակին սկիզբը բաւական դրական է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ձմրան զբօսաշրջական եղանակին ընթացքին զգալի եղած է իրաքցի, եգիպտացի, յորդանանցի, քուէյթցի եւ սէուտցի զբօսաշրջիկներուն արձանագրած աճը:

«Յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն ընթացքին Լիբանան այցելեցին 17.000 իրաքցի, 10.000 սէուտցի, 9.000 յորդանանցի, 8.000 եգիպտացի եւ 5.000 քուէյթցի զբօսաշրջիկներ», ըսաւ նախարար Կիտանեան` պատասխանելով 2019-ին Լիբանան այցելած արաբ զբօսաշրջիկներուն մասին թուային պատկերի մը ակնարկող հարցումին:

Ան շեշտեց, որ այս պատկերը յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ տակաւին ամրան եղանակը չէ սկսած: «Իսկ եթէ այս ամսուան մասին կը փափաքինք խօսիլ, ապա ապրիլի առաջին երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութի պանդոկներուն զբաղուածութիւնը հասած է 80,2 առ հարիւրի», հաստատեց ան:

Պատասխանելով քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հրապարակած` Լիբանանի դէմ այս ամրան սանձազերծուելիք իսրայէլեան հաւանական պատերազմին ակնարկող յօդուածին մասին հարցումին, նախարար Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ նման յօդուածներ եւ անոնց շրջանառութիւնը վնաս կը հասցնեն զբօսաշրջութեան մարզին: «Եթէ նման յօդուած հրատարակուած է, ուրեմն կը նշանակէ, որ երկրին մէջ նման մթնոլորտ հրահրող գոյութիւն ունի: Վստահ եմ` յառաջիկայ ամսուան ընթացքին ծովու ապականումին մասին գրութիւններ պիտի ըլլան եւ աւելի ուշ անդրադարձ պիտի կատարուի Լիբանանի մէջ տիրող սղաճին», հեգնանքով ըսաւ Ա. Կիտանեան եւ ցաւ յայտնեց, որ այս բոլորը կրնան վնասել երկրին զբօսաշրջութեան եւ զբօսաշրջիկները քաջալերել Լիբանանի դրացի երկիրները այցելելու:

«Մենք հպարտ ենք Լիբանանի մէջ տիրող խօսքի ազատութեան իրականութեամբ, սակայն նաեւ կարիքը ունինք առարկայականութեան եւ իրապաշտութեան, որպէսզի անստոյգ լուրերու պատճառով զբօսաշրջութեան մարզը, զբօսաշրջական եղանակը եւ ներդրումներու կարելիութիւնը  հարուած չստանան», շեշտեց նախարար Կիտանեան:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ Ծոցի երկիրներուն եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի նկատմամբ դրական մթնոլորտ գոյութիւն ունի: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը մեծ թափով կ՛աշխատի այս իմաստով, հետեւաբար կարելի չէ այս բոլորը հարուածել:

Այս առումով ան նշեց, որ այս շաբաթավերջին նախարարութիւնը պիտի մասնակցի Տուպայի մէջ տեղի ունենալիք զբօսաշրջական ցուցահանդէսի մը, որուն թիրախը արաբական երկիրներն են:

Անդրադառնալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տիրող իրավիճակին` նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետ կատարեալ գործակցութիւն կայ: Ան նշեց, որ յունիսի առաջին շաբթուընէ սկսեալ արդէն իսկ օդակայանին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ պիտի սկսին` խճողումը մեղմացնելու նպատակով:

Ան նկատել տուաւ, թէ իրեն համար հասկնալի է, որ օդակայանին մէջ անցագիրները ստուգող Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը զինուորականներ են, որոնք լուրջ եւ խիստ կ՛ըլլան, «սակայն ոչինչ կ՛արգիլէ, որ անոնք անցագիրներու ստուգումէն ետք ժպտան զբօսաշրջիկին եւ բարի գալուստ մաղթեն: Ի վերջոյ մենք հիւրասէր երկիր ենք եւ այդ արտայայտութիւնը զբօսաշրջիկին համար շատ թանկագին է», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատանքներուն ֆինանսաւորումը պետական գանձարկղէն եւ քաղաքացիներուն քսակէն պիտի չըլլայ, այլ` անձնական ընկերութեան մը հետ գործակցութեամբ եւ զբօսաշրջիկներուն վճարած քաղաքի տուրքերէն: «Այս իմաստով շարք մը քննադատութիւններ արձանագրուեցան, սակայն կառավարութեան ներկայացուցած եմ յստակ ծրագիր մը` թուային պատկերներով, եւ անկարելի է, որ այդ ծրագիրին գործադրութեան համար նախարարութեան աշխատանքները կասեցուին: Զբօսաշրջութիւնը կը նմանի երկրագործութեան, պէտք է ցանել, որպէսզի համապատասխան կերպով կարելի ըլլայ հնձել», ըսաւ նախարար Կիտանեան:

Ան աւելցուց, որ ինք անձամբ կը հետեւի նաեւ պանդոկներու եւ ճաշարաններու սակերուն, որպէսզի անոնք հակակշիռի տակ պահուին եւ արտակարգ կերպով սղելու առիթ չունենան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան մարզի յաջողութեան գրաւականը բոլոր նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան մէջ կը կայանայ: Այս շրջագիծին մէջ ան քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն ու մամուլին կոչ ուղղեց օժանդակելու եւ զօրակցելու զբօսաշրջութեան նախարարութեան, որպէսզի զբօսաշրջական խոստմնալից եղանակը կարելի ըլլայ յաջողցնել:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց նաեւ զբօսաշրջութեան ծառայութեան մէջ բազմազանութեան կարեւորութիւնը:

Ան հարցազրոյցը աւարտեց խոստանալով, որ այս տարի զբօսաշրջութեան եղանակը բառին բուն իմաստով պիտի վերադառնայ Լիբանան, ինչպէս նաեւ խոստացաւ, որ նախարարութիւնը գետնի վրայ ներկայութիւն պիտի ըլլայ եւ պիտի հետեւի զբօսաշրջական մարզին աշխատանքին ու զբօսաշրջիկին հանգիստին ապահովումին:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Սրի Լանքայի Պայթումները

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Անձնապէս Անհաւանական Կը Գտնեմ Իսրայէլի Կողմէ Լիբանանի Դէմ Սանձազերծուելիք Պատերազմ Մը»

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.