Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Պիտի Պայքարի Փտածութեան Եւ Մսխումին Դէմ

June 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա Քալիֆորնիոյ մէջ արկածի մը պատճառով մահացած չորս լիբանանցի երիտասարդներուն մահուան եօթնօրէքին առիթով հարաւի Եարուն շրջանին մէջ կազմակերպուած յիշատակի հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը ճշդեց կարգ մը սկզբունքներ եւ հիմքեր, որոնց  յենելով քննարկեց պետական ամավարկը: Ըստ անոր, իրենք թեր քուէարկեցին բարեկարգչական կէտերուն եւ դէմ եղան օրէնքի այն յօդուածներուն, որոնք կրնան հարուածել սահմանափակ եկամուտ ունեցող դասակարգը: Երեսփոխանը հաստատեց, որ կարելի է ըսել, թէ բարեկարգում կատարելու փորձ գոյութիւն ունի, պայքար պիտի տարուի փտածութեան եւ մսխումին դէմ` ամավարկը նկատելով հիմնական եւ կարեւորագոյն ուղին` կասեցնելու մսխումը, փտածութեան հոսքը թեթեւցնելու, որովհետեւ պետական ամէն տեսակ ծախս արձանագրուած է ամավարկին մէջ:

Հասան Ֆատլալլա դիտել տուաւ, որ կառավարութեան մէջ իրենց ունեցած դիրքէն մեկնած կրցած են ամավարկի բարելաւման հիմնական նուաճումներ արձանագրել, բայց եւ այնպէս այս չի նշանակեր, որ կատարուած աշխատանքը իրենց փափաքին ու տենչերուն համահունչ է ամբողջովին` աւելցնելով, որ կարգ մը կէտերու դէմ քուէարկած են, ուրիշներու բարեփոխման նպատակով աշխատանք պիտի տանին խորհրդարանին եւ համապատասխան յանձնախումբերուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց դաշնակիցներուն հետ ամէն միջոցի պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի կարելի ըլլայ փակել փտածութեան եւ մսխումի դուռը: Անոր համաձայն, բայց եւ այնպէս, ասիկա ընելով չեն բաւարարուիր իրենք, որովհետեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին գործունէութիւնը փտածութեան դէմ պայքարով չի սահմանափակուիր:

Երեսփոխանը նշեց, որ Ֆիթրի տօնէն ետք պիտի ներկայացնեն հիմնական թղթածրարներ` փտածութեան եւ մսխումի, ինչպէս նաեւ պետութեան մէջ հիմնական բնագաւառներուն վերաբերող, որոնք պիտի դրուին նաեւ լրատուամիջոցներուն եւ դատական մարմիններուն տրամադրութեան տակ, որովհետեւ վերջիններուն պարտականութիւնն է հետապնդել այդ հարցերը եւ անպայման բարեկարգումներ պարտադրել: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ փտածութեան դէմ` միշտ մնալով սահմանադրութեան եւ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, որոնց հիմամբ գործելու մաղթանք արտայայտեց ան` բոլորին պարագային:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը շեշտեց, որ պէտք է փոխուի այն կացութիւնը, երբ երիտասարդները անապահովութեան ու անգործութեան պատճառով Լիբանանէն կ՛արտագաղթէին: Ըստ անոր, ճիշդ է, որ իրենք այսօր այս պետութեան մաս կը կազմեն, սակայն ամբողջ պետութիւնը չեն, իսկ իրենց մասնակցութիւնը կը կայանայ իրենց չափին համաձայն: Ասկէ մեկնած ալ, անոնք ձեռնամուխ եղած են տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային թղթածրարներու հետապնդման:

 

 

Նախորդը

Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Չափանիշներու Յանձնախումբի Հանդիպումը` Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Լարուած Կացութիւն Թրիփոլիի Մէջ. Բանակային Մը Նահատակուեցաւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.