Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Ոչ Մէկ Պայմանի Տակ Պիտի Հրաժարի Իր Արաբական Պատկանելիութենէն» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

June 1, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Մեքքայի մէջ տեղի ունեցած Արաբական արտակարգ վեհաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ողջոյնները ուղղեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին բարեմաղթութիւնները` Արաբական վեհաժողովի յաջողութեան նպատակով:

Հարիրի նշեց, որ մեծ ջանքերու կարիք չկայ անդրադառնալու համար շրջանին մէջ տագնապներէ տառապող երկիրներուն, իսկ այդ տագնապներուն պատճառը այլ պետութիւններու կողմէ անոնց ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալն է:

Հարիրի յայտնեց, որ այդ երկիրներուն միջամտութիւններուն պատճառով է, որ տագնապներէ տառապող այդ երկիրները Լիբանանի վրայ ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներ կ՛ունենան:

Հարիրի անդրադարձաւ Լիբանան հասած հարիւր հազարաւոր սուրիացի տեղահանուածներուն` նկատել տալով, որ անոնք փախուստ տուած են Սուրիոյ հրդեհներէն, եւ աւելցուց, որ Լիբանան կը մերժէ բնակեցման ակնարկող բոլոր ծրագիրները:

Հարիրի նշեց, որ լիբանանցիները յանձնառու կը մնան Լիբանանի սահմանադրութեան եւ ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ միասնաբար կը գործակցին` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցը:

Հարիրի հաստատեց նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը, ընդգծելով անոնց իրաւունքը` տիրանալու համար մայրաքաղաք Երուսաղէմով իրենց անկախ հայրենիքին:

Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս եկաւ, երբ արաբական երկիրները օժանդակեցին անոր, եւ կարելի եղաւ ստորագրել Թաէֆի համաձայնագիրը:

Ան խստիւ դատապարտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ու Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած յարձակումները եւ կոչ ուղղեց այս երկու արաբական երկիրներուն նկատմամբ լայնատարած արաբական զօրակցութեան:

«Լիբանան ոչ մէկ պայմանի տակ պիտի հրաժարի իր արաբական պատկանելիութենէն: Ան հաւատարիմ պիտի մնայ իր արաբ եղբայրներուն եւ յանձնառու պիտի մնայ արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու», հաստատեց վարչապետ Հարիրի:

Նախորդը

Սպանիոյ Մէջ. Պասիլ. «Լիբանան Ի Վիճակի Չէ Այլեւս Սուրիացի Տեղահանուածներուն Պարտադրած Ծանր Բեռը Կրելու»

Յաջորդը

«Մեքքայի Վեհաժողովին Լիբանանի Արտասանած Խօսքը Երկրին Պաշտօնական Կեցուածքը Չէ Եւ Դատապարտելի Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.