Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Եւրոպական Միութեան` Զօրակցելու «Երկխօսութեան Եւ Համագործակցութեան Մարդու Ակադեմիա»-ի Հիմնումին

Յունիս 4, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտարարեց, որ նախորդ տարի տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան կարելիութեան ստեղծումը ցուցանիշ է, որ լիբանանեան պետութիւնը հետամուտ է զանոնք մասնակից դարձնել Լիբանանի քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ կը միտի սերտ կապեր պահպանել աշխարհով մէկ տարածուած լիբանանցիներուն հետ:

Ան հաստատեց, թէ Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի համագումարը, որ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի ուրբաթ օր, տարեկան դրութեամբ հանդիպումի առիթ եղաւ Լիբանանի մէջ բնակող լիբանանցիներուն եւ իրենց արտերկրի քոյր-եղբայրներուն միջեւ` վստահեցնելով, որ Լիբանան թէեւ փոքր է իր աշխարհագրական տարածքով, սակայն բաւական ընդարձակ եւ աշխարհատարած է իր ներկայութեամբ եւ դերակատարութեամբ` իր զաւակներուն ընդմէջէն:

Պաապտայի մէջ տեսակցելով Լիբանանեան-աւստրալիական առեւտրական պալատի մէկ պատուիրակութեան հետ` նախագահութեամբ Ֆետի Զուքիի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպանատան գործակատար Վանեսա Լէյի, նախագահ Աուն անդրադարձաւ լիբանանեան-աւստրալիական խոր յարաբերութիւններուն, որոնք աւելի կ՛ամրապնդուին հոն ապրող լիբանանցիներուն տարած աշխատանքով եւ այդ երկրին մէջ անոնց ունեցած ներդրումով, յատկապէս անոնք, որոնք պետական պաշտօններ ստանձնած են: Նախագահը հաստատեց, որ հետամուտ է աւելի եւս զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, գործակցութեան ծիրը ընդարձակելու տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց հոն ապրող լիբանանցիներուն` հաւատարիմ մնալու այն երկրին, որ ընդունեց զիրենք եւ ներկայիս կը շարունակէ սերտ կապեր պահպանել Լիբանանի հետ:

Աւստրալիոյ դեսպանատան գործակատար Վանեսա Լէյ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ զանազան բնագաւառներու մէջ անոնց զարգացման հետամուտ ըլլալուն համար եւ զայն հրաւիրեց Աւստրալիա` բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ հոն ապրող լիբանանցիներուն հետ տեսակցելու նպատակով:

Ֆետի Զուքի ներկայացուց Լիբանանեան-աւստրալիական առեւտրական պալատին գործունէութիւնը, հիմնական աշխատանքները, որոնց մէջ կարեւոր կը նկատուի առեւտրականներուն փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը, որպէսզի իւրաքանչիւրը ծանօթանայ միւս երկրին միջավայրին ու կարելիութիւններուն` հաստատելով, որ աւստրալիական շուրջ 600 ընկերութիւններ հետաքրքրուած են Լիբանանի մէջ ներդրում կատարելով:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ  Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները` քաղաքական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն ծրագիրներուն, զորս միութիւնը կը ֆինանսաւորէ, նաեւ` լիբանանեան պետական ամավարկին, «Սետր»-ի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, որուն առնչութեամբ նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքը կը հրաւիրէ դիւրացնելու անոնց տունդարձը:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ կը շարունակէ ջանքերը` ի խնդիր «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա»-ի մը հիմնումին` կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան զօրակցելու անոր:

Նախագահ Աունի այցելուներուն կարգին էր նաեւ Քենիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Զէյն, որ ներկայացուց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն ներկայ պատկերը: Ան նաեւ լիբանանեան ներքին բարեկարգչական հարցերու մասին խօսեցաւ իրենց այցելած երեսփոխաններ Նաամաթ Ֆրեմի եւ Ռոժէ Ազարի հետ:

Հանրապետութեան նախագահը Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց արաբական եւ իսլամական պետութիւններու ղեկավարներուն, Արաբական լիկային` անոնց մաղթելով բարեբեր օրեր, կայունութիւն եւ յառաջդիմութիւն:

 

Նախորդը

Բացում` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակուած Բաժինի Առաջին Փուլին

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Ժողովի Ընթացքին Անդրադարձած Է Ղարաբաղի Հարցին

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?