Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը Հանդիպեցաւ Նախագահ Աունին

Յունիս 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, Լիբանան գտնուող Իրինէյ պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ զօր. Միշել Աունին հետ: Հանդիպման աւարտին, պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած է խաղաղութեան այցելութեամբ մը` աւելցնելով, որ չկայ աւելի գեղեցիկ բան, քան ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը, սակայն դժբախտաբար ոմանք խաղաղութիւնը խախտելու ջանք կը թափեն: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի նման Սերպիան եւս դժուար փուլերէ անցած է եւ պատերազմներու թատերաբեմ դարձած, սակայն բնաւ չէ կորսնցուցած իր յոյսը: Պատրիարքը նշեց, որ ասիկա իր Լիբանան երկրորդ այցելութիւնն է: Ան առաջին անգամ Լիբանան եկած է, երբ տակաւին երիտասարդ ուսանող էր, եւ բաղդատելով երկու ժամանակները, ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ շատ բան փոխուած է, մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Իրինէյ պատրիարքը ըսաւ, որ Սերպիոյ ժողովուրդէն սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամ կը փոխանցէ Լիբանանի ժողովուրդին, ու պատրաստակամութիւն յայտնեց երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապը ամրացնելու, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց խաղաղութեան համար աշխատանք տանելու եւ պատերազմները կասեցնելու, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին կղերականները, որովհետեւ անոնց պատգամը բոլորին հանդէպ սէրն է:

Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ Սերպիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունին սերտ յարաբերութիւններ եւ հասարակ յայտարարներ` ինչ կը վերաբերի երկու ժողովուրդներուն ապրած ցաւերուն եւ դժուարին փուլերուն: Նախագահը պատրիարքին հետ խօսեցաւ երկրին մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն  գոյակցութեան մասին եւ ըսաւ, իբրեւ քրիստոնեաներ իրենք աշխատանք կը տանին պահելու երկրին հաւասարակշռութիւնը` մանաւանդ ներկայ իրավիճակին մէջ, երբ երկիրը շրջապատուած է պատերազմներով: Ան ընդգծեց, որ ոչ մէկ արգելք գոյութիւն ունի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ, եւ թէկուզ տարբեր յարանուանութիւններ կան, սակայն հաւատքն ու Աստուածաշունչը մէկ է, ըսաւ ան:

Հանդիպման ընթացքին անոնք խօսեցան նաեւ նախագահ Աունին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ներկայացուցած «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա» հիմնելու ծրագիրին մասին, որ պիտի ըլլայ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու երկխօսութեան վայր` նպատակ ունենալով գործնական քայլերով հասնիլ խաղաղութեան:

Աւարտին, Աուն իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սերպիոյ ժողովուրդին ցաւերուն  եւ յոյս յայտնեց հարցերուն լուծման:

Նախորդը

Կիտանեան. «Պանդոկներուն Տուրքերը Ազդեցութիւն Պիտի Չունենան Զբօսաշրջիկներու Թիւին Վրայ»

Յաջորդը

«Յունաստան Եւրոյի Գօտիի Անդամ Դարձած Է Վիճակագրութեան Կեղծումով» Կ՛ըսէ Եունքեր

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?