Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան. «Պանդոկներուն Տուրքերը Ազդեցութիւն Պիտի Չունենան Զբօսաշրջիկներու Թիւին Վրայ»

Յունիս 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան վստահեցուց, որ քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը ժխտական մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենայ երկրին զբօսաշրջութեան իրավիճակին վրայ` դիտել տալով, որ նախորդ օրերուն Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանողները, առաւելաբար Արաբական ծոցի եւ Արաբական միւս երկիրներէն, բնաւ ապահովական խնդիրի մասին մտահոգութիւն չեն յայտնած:

«Շարք Աուսաթ» թերթին կատարած յայտարարութեան ընթացքին Կիտանեան յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնին նախօրեակին եւ մինչեւ այս ամսուն կէսերը բաւականաչափ զբաղ վիճակ կ՛արձանագրեն պանդոկները: Այս պատկերը կը նուազի այս ամսուն երկրորդ կիսուն, իսկ դարձեալ աստիճանական աճ կ՛արձանագրէ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն ընթացքին: Ան ըսաւ, որ «Սիթի-թեքս» տուրքը, որ համաշխարհային տուրք մըն է, զբօսաշրջիկը ինք պիտի հոգայ եւ ոչ թէ պանդոկը, իսկ ատոր հասոյթը պիտի երթայ զբօսաշրջութեան սնտուկ:

Շարունակելով տուրքին մասին խօսիլ` Կիտանեան նշեց, որ այս տուրքը ժխտական ազդեցութիւն պիտի չունենայ զբօսաշրջիկներուն թիւին կամ զբօսաշրջութեան մարզին վրայ, այլ աճ պիտի արձանագրէ մուտքին մէջ, ինչ որ առիթ պիտի ընծայէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէի բարձրացման, եւ հետեւաբար` զբօսաշրջութեան ծանուցումներուն յաւելման: Ան յայտնեց, որ միայն «մեկնումի տուրքը» կրնայ որոշ չափով ժխտական ազդեցութիւն ունենալ, որովհետեւ հոն իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի վրայ 15 ամերիկեան տոլար աւելցած է:

Կիտանեան ըսաւ, որ մինչեւ օրս պանդոկներուն ապահովութեան թիւը լաւ պատկեր կը ներկայացնէ, իսկ երեքշաբթի օրէն ի վեր իր Պէյրութի միջազգային օդակայան պարբերական այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ հարցերուն մօտէն ծանօթանալու առումով:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հանրապետութեան Նախագահին Դուստրը Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Գիրքի Հեղինակը

Յաջորդը

Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը Հանդիպեցաւ Նախագահ Աունին

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?