Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Շայյահ, ուր ժողովրդային հանդիպում մը ունեցաւ Շայյահի մշակութային համալիրին մէջ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով կարելի չէ թուլացում արձանագրել կամ համաձայնութիւններ գոյացնել:
«Մենք կը փափաքինք, որ հզօրները համաձայնին իրարու հետ, եւ այդ է Լիբանանին տէր կանգնելու պատասխանատուութիւնը բաժնեկցելու իրականութիւնը: Կը մերժենք փտածութիւնը, որ կը տկարացնէ երկիրը, եւ կ՛ուզենք, որ մեր դաշնակիցը միշտ հզօր ըլլայ, բայց եւ այնպէս ամէն անգամ, երբ մէկը կացութենէ մը կամ պայմանէ մը տուժէ, ապա մեզի դէմ ցեխարձակումներ կը կատարէ», հաստատեց ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք փտածութեան դէմ պայքարին իմաստով իրենց պայքարը պիտի շարունակեն եւ ոչ մէկ ատեն պիտի կասեցնեն զայն:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի շահերը դասելու ամէն բանէ վեր` աւելցնելով, որ միայն այդ ձեւով է, որ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել երկրին զարգացումն ու քաղաքացիին բարօրութիւնը:
Պասիլ դատապարտեց բարոյական սպանութիւնը` շեշտելով, որ անիկա աւելի վատ է, քան իսկական սպանութիւնը: «Լիբանանեան պետութիւնը կերտելու իմաստով, մենք բոլորէն տարբեր պիտի ըլլանք», հաստատեց ան:
Պասիլ ըսաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու հանրապետութեան նախագահը ոչ մէկ փտած կը պաշտպանեն: «Ոմանք նեղացած են, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կ՛անդամակցին չորս հազար իսլամներ: Ճի՛շդ է, որ մենք չենք զլանար քրիստոնեաներուն իրաւունքները պաշտպանելու առումով, սակայն պէտք է ըսել, որ Ազգային ազատ հոսանքի անդամ իսլամներն ալ կը պաշտպանենք` նախքան քրիստոնեաները: Կը հաստատենք, որ մենք մարոնիական, սիւննիական եւ շիիական քաղաքականութեան զաւակները չենք, այլ` լիբանանեան Ազգային ուխտին», ընդգծեց Պասիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք օր մը օրանց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը փոխելու առաջարկ չէ ներկայացուցած, այլ` խօսած է Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը օրինականացնելու մասին, նկատի ունենալով, որ անիկա ներկայիս ապօրինի վիճակի մէջ կը գործէ:
«Իմատ Օսման վարչապետէն աւելի բարձր չէ եւ հորերու ու քարահանքերու բանեցման արտօնագիրներ ստորագրելու իրաւունք չունի: Երբ մեզի դէմ կատարուող նման յարձակումներ նշմարէք, ապա ձեր մտահոգութիւնները պէտք է փարատին եւ պէտք է իմանաք, որ մենք լաւ ենք եւ փտածութեան դէմ կը պայքարինք: Ո՛վ որ մեզի հետ կը փափաքի համայնքային եզրերով խօսիլ, ապա մեզի հետ թող հանդիպի քաղաքացիական պետութեան մէջ», եզրափակեց Պասիլ:
Նշենք, որ Պասիլ այցելեց նաեւ Պաապտայի կառավարական հիւանդանոցը, ուր ստուգեց եւ ողջունեց հոն կատարուող աշխատանքը:
Պասիլի ընկերակցեցան Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Հիքմաթ Տիպ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Նաժի Ղարիոս: