Երէկ առաւօտ, Պընթ Ժըպէյլի Պարաաշիթ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ նահատակուած բանակի առաջին տեղակալ Հասան Ալի Ֆարհաթին յուղարկաւորութիւնը: Թաղման ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացնող նախարար Այուպ Համիտը եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան բանակի հրամանատարին անունով արտասանուեցաւ խօսք մը, ուր վկայակոչուեցաւ նահատակին անձնուրաց գործը: Հոն ըսուեցաւ նաեւ, որ Թրիփոլին ցնցող նման ահաբեկչական արարքներ թիրախ ունին ամբողջ Լիբանանը վնասել, սակայն բանակը միշտ կրցած է հակակշիռի տակ առնել զանոնք:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու նահատակ յիսնապետ Ճոնի Խալիլի յուղարկաւորութիւնը եւս կատարուեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիսին` Այշիէի մէջ:



