Լիբանանեան

Վատիկանի Մէջ .  «Վատիկանի Հետ Յարաբերութիւնները Մտերմիկ Են,  Իսկ Լիբանան Պէտք Է Ըլլայ Կրօններու  Միջեւ Երկխօսութեան Մարտկոցը»   Շեշտեց Խազեն

Վատիկանի Մէջ . «Վատիկանի Հետ Յարաբերութիւնները Մտերմիկ Են, Իսկ Լիբանան Պէտք Է Ըլլայ Կրօններու Միջեւ Երկխօսութեան Մարտկոցը» Շեշտեց Խազեն

Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն երէկ հաստատեց, որ Վատիկանի հետ յարաբերութիւնները անկասկած մտերմիկ են` աւելցնելով, որ Վատիկան եւ Լիբանան յանձնառու կը մնան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին, որպէսզի անոնք մնան հեզասահ: Խազեն նշեց, որ Վատիկան կ՛ընդգծէ Լիբանանի հետ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ Պատգամի երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը, որ 30 տարի առաջ այդպէս կոչուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ....

Քապըր Շմունի Միջադէպը Դատական Իշխանութիւններուն Ճամբով Լուծելու Ջանքերը Կը Շարունակուին

Քապըր Շմունի (Լեռնալիբանան) միջադէպը դատական իշխանութիւններուն ճամբով լուծելու ջանքերը ընթացքի մէջ են: Այս առումով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հեգնեց, որ Պասաթինի միջադէպին հարցով արգելափակեալները տակաւին կը սպասեն մեծն օրէնսդիրներու իմաստութեան: Միւս կողմէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ իրենք կառավարութեան աշխատանքը չեն խոչընդոտեր, եւ կոչ ուղղեց Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու հարցին շուրջ քուէարկութիւն...

Պու Սաապ Աւարտեց Բրիտանիա  Կատարած Իր Այցելութիւնը

Պու Սաապ Աւարտեց Բրիտանիա Կատարած Իր Այցելութիւնը

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ աւարտած է Բրիտանիա կատարած իր երկօրեայ այցելութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այցելութիւնը դրսեւորած է Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեան եւ յատկապէս պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան կարեւորութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պու Սաապ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցած է բրիտանացի իր պաշտօնակիցին`...

Միքաթի, Սալամ Եւ Ժեմայէլ  Ընդունեցին Լասընը

Միքաթի, Սալամ Եւ Ժեմայէլ Ընդունեցին Լասընը

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եւրոպական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու արձանագրուած վերջին զարգացումները: Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Լասընը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լասընը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային...

Ռայա Հասան Ռամպլինկի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Զօրակցութեան Հեռանկարները

Ռայա Հասան Ռամպլինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Զօրակցութեան Հեռանկարները

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռամպլինկ շեշտեց, որ Հասանի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական եւ շինիչ` աւելցնելով, որ անոնք միասնաբար քննարկած են երկրին ապահովական մարզին վերաբերող խնդիրներ: Ռամպլինկ ընդգծեց Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովութեան: «Լիբանանի ապահովութիւնը մեր ապահովութիւնն...

Պետական Ամավարկի Քննարկումը Կը Շարունակուի  Թեր Եւ Դէմ Քուէներու Տարափին Տակ

Պետական Ամավարկի Քննարկումը Կը Շարունակուի Թեր Եւ Դէմ Քուէներու Տարափին Տակ

Մինչ խորհրդարանը երէկ կը շարունակէր քննարկել 2019-ի պետական ամավարկը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը սերտէր յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրելու կարելիութիւնը: Այս առումով վարչապետ Հարիրի եւ Պըրրի խորհրդարանին մէջ ունեցան նաեւ դռնփակ հանդիպում մը: Երէկ կէս գիշերին լաւատեղեակ աղբիւրներ ընդգծեցին յառաջիկայ շաբաթ կառավարութեան նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ անոր քննարկելիք օրակարգին վրայ պիտի...

Ուաշինկթընի Մէջ  Երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի  Եւ Ա. Պեզզի Հանդիպեցան Փելոսիի Հետ

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի Եւ Ա. Պեզզի Հանդիպեցան Փելոսիի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Ալի Պեզզի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի Փելոսիի փոխանցեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն յատուկ ողջոյններ: Իսկ Փելոսի յիշեց տարիներ առաջ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը` աւելցնելով, որ ինք բարձր կը գնահատէ խորհրդարանի նախագահն ու անոր ներդրումը Լիբանանի ներքին կեանքի...

Պաապտայի Մէջ.  «Վատիկան Յանձնառու Կը Մնայ  Լիբանանի Կայունութեան»   Շեշտեց Պապական Նուիրակը

Պաապտայի Մէջ. «Վատիկան Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանի Կայունութեան» Շեշտեց Պապական Նուիրակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, ընկերակցութեամբ գերապայծառ Իվան Սանթոսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` երկրին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Հանդիպումին ընթացքին Սփիթերի հաստատեց, որ Վատիկան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ միասնականութեան` ողջունելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ իբրեւ օրինակ կը ծառայէ ամբողջ աշխարհին: Սփիթերի...

Ապտելլահեան. «Իրան Կը Շեշտէ, Որ Լիբանան  Պէտք Է Հեռու Մնայ Շրջանին  Դիմագրաւած Բոլոր Տագնապներէն»

Ապտելլահեան. «Իրան Կը Շեշտէ, Որ Լիբանան Պէտք Է Հեռու Մնայ Շրջանին Դիմագրաւած Բոլոր Տագնապներէն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի: Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան շեշտեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական եւ շինիչ: Ան նշեց, թէ հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած է, որ Իրան կը զօրակցի լիբանանցիներուն, լիբանանեան բանակին, Դիմադրութեան եւ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ կը փափաքի երկու երկիրներուն միջեւ...

Քաննուպինի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Ս. Մարինայի  Տօնին Նուիրուած Պատարագին

Քաննուպինի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Ս. Մարինայի Տօնին Նուիրուած Պատարագին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Քաննուպինի հովիտին մէջ նախագահեց Ս. Մարինայի տօնին նուիրուած Ս. պատարագին: Ս. պատարագը մատուցուեցաւ նոյն հովիտին մէջ գտնուող Ս. Մարինայի նուիրուած մատրան մէջ: Ռայի պատրիարքը իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց Ս. Մարինայի մատրան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ուսանելի դասեր կը յուշէ բոլորին: Ան նշեց, որ այդ մատրան մէջ թաղուած են 17 պատրիարքներ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան...

Պուխարի Եւ Աֆիունի Քննարկեցին Տեղական  Եւ Շրջանային Իրադարձութիւններ

Պուխարի Եւ Աֆիունի Քննարկեցին Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւններ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց արհեստագիտութեան եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քապըր Շմունի Միջադէպի  Լուծման Դրական Նշոյլներ

Քապըր Շմունի Միջադէպի Լուծման Դրական Նշոյլներ

Քապըր Շմունի (Լեռնալիբանան) միջադէպի լուծման ջանքերուն ծիրին մէջ, երէկ կէսօրէ ետք Խալտէի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի միջեւ: Հանդիպումէն ետք երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ապպաս Իպրահիմ ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Իպրահիմ ընդգծեց, որ...

Երեսփոխան Հարիրի Պաղեստինցի  Գաղթականներուն Աշխատանքային  Իրաւունքի Թղթածրարը Հետապնդեց  Համապատասխան Հեղինակութիւններու Հետ

Երեսփոխան Հարիրի Պաղեստինցի Գաղթականներուն Աշխատանքային Իրաւունքի Թղթածրարը Հետապնդեց Համապատասխան Հեղինակութիւններու Հետ

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ ընդունեց Սայտայի եւ անոր շրջակայքը գտնուող քաղաքացիական հաստատութիւններու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց աշխատանքի նախարարութեան կողմէ անոնց աշխատելու իրաւունքին վերաբերող միջոցառումները: Պատուիրակութիւնը իր խիստ մերժումը յայտնեց պաղեստինցի գաղթականները աշխատանքի իրաւունքէ զրկող այս որոշումին դէմ: Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ դրած է եւ աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյմանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իր միջոցներով պիտի նպաստէ պետական ամավարկին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին համեմատութիւնը նուազեցնելու: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` շեշտելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ նիւթական իր պարտաւորութիւնները կատարելու: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն սադրանքներ նախապատրաստող բառամթերք չօգտագործելու եւ ազգային շահերը առաջնահերթ նկատելու: ՀԶՕՐ...

Խորհրդարանը Սկսաւ 2019-ի Պետական  Ամավարկը Վաւերացնելու  Իր Լիագումար Նիստերուն

Խորհրդարանը Սկսաւ 2019-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Իր Լիագումար Նիստերուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի ցերեկային եւ գիշերային լիագումար նիստերուն, որոնց ընթացքին սկսաւ քննարկուիլ 2019-ի պետական ամավարկը` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ կառավարութեան: Զոյգ նիստերուն ընթացքին խօսք առին մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնք անդրադարձան 2017-ի պիւտճէի նուազեցումին, փտածութեան եւ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած խախտումներուն: Առաւօտեան նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ինք խօսած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ համաձայնած,...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի  Հասաւ Ուաշինկթըն

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հասաւ Ուաշինկթըն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի, հասաւ Ուաշինկթըն, ուր անոնք պիտի մասնակցին Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան Քոնկրեսի ղեկավարներուն եւ քոնկրեսականներուն հետ: Ուաշինկթընի մէջ երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի դիմաւորուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսայի եւ Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումի կազմակերպիչ մարմնի մէկ պատուիրակութեան կողմէ: Հանդիպում` Միրզոյեանի Հետ Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին...

Նախագահ Աուն. «2020-ի Պետական Ամավարկը  Պիտի Պատրաստուի Սահմանադրութեամբ  Ճշդուած Թուականին»

Նախագահ Աուն. «2020-ի Պետական Ամավարկը Պիտի Պատրաստուի Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը` ընկերակցութեամբ միութեան նորընտիր վարչութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու դրամատուներուն աշխատանքը: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց բոլորը` մաղթելով, որ Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նոր վարչութիւնը կը յաջողի գործադրել միութեան նպատակները: Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի տնտեսական կեանքին մէջ դրամատնային մարզին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր...

Վարչապետ Հարիրի Քուպիչի Հետ  Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Վարչապետ Հարիրի Քուպիչի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, նախանցեալ օր Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին` ներկայութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Քապըր Շմունի միջադէպը եւ անոր լուծումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդը լաւագոյն վայրն...

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ 2019-ն Զբօսաշրջութեան  Լաւագոյն Տարին Է` Բաղդատած Նախորդ 7 Տարիներուն»

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ 2019-ն Զբօսաշրջութեան Լաւագոյն Տարին Է` Բաղդատած Նախորդ 7 Տարիներուն»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ 2019-ն զբօսաշրջութեան լաւագոյն տարին է` բաղդատած նախորդ 7 տարիներուն: Ան նշեց, որ մրցակցութիւնը տակաւին 2010-ին ապահովուած արդիւնքներուն հետ է` նկատի ունենալով, որ անիկա եղած է զբօսաշրջութեան լաւագոյն տարին: Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ երկրին մէջ կատարուած ամրագրումները` պանդոկներու, վարձու ինքնաշարժներու եւ ճամբորդական գրասենեակներու մօտ ցոյց կու տան, որ այս մարզը...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը  Եւ Կազմակերպելու Կանխահաս Ընտրութիւններ

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը Եւ Կազմակերպելու Կանխահաս Ընտրութիւններ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Սայֆիի մէջ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Նիստէն ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին դիմագրաւած հարցերը կարելի պիտի ըլլայ լուծել վերադառնալով լիբանանեան պետութեան: Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց Հըզպալլային...

Page 543 of 988 1 … 542 543 544 … 988

Արխիւներ