Լիբանանեան

Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան  Արաբական Կեդրոնը  Պարգեւատրեց Նախարար Կիտանեանը

Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան Արաբական Կեդրոնը Պարգեւատրեց Նախարար Կիտանեանը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Օմանի մէջ պարգեւատրուեցաւ Զբօսաշրջութեան տեղեկատուութեան արաբական կեդրոնին կողմէ: Զբօսաշրջութեան եւ աւանդներու արաբական Ա. համագումարին ընթացքին, Օմանի տեղեկատուութեան նախարարը պարգեւատրեց Ա. Կիտանեանը` գնահատելով անոր դերակատարութիւնը` զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման մէջ: Ներկայ էին նաեւ արաբական երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարներ: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւին համեմատութեան առումով զբօսաշրջութեան նախարարութեան արձանագրած թիւերը բացառիկ...

Պըրրի Գնահատեց Լասընի  Դերակատարութիւնը

Պըրրի Գնահատեց Լասընի Դերակատարութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի գնահատեց Լասընի դերակատարութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Լին Լենտը: Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ նկատի ունենալով Լեռնալիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ Քապըր Շմունի միջադէպին լուծում...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ եթէ ոմանք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յայտարարած կեցուածքները լուրջի չեն առած, ապա ատիկա իրենց հարցն է: «Պետական ամավարկին մասին կառավարութեան նիստերուն ընթացքին մեր արտայայտած տեսակէտները գործի վերածուեցան խորհրդարանի նիստին ընթացքին», ըսաւ ան: ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու առումով իրենք չեն դիմադրած` լիբանանցիներուն աշխատանքային ընթացքը չխոչընդոտելու համար, «սակայն 2020-ի պետական...

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի արտասանեց իր խօսքը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքական գործիչ, որ ապրած է լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն տեսած դժուարութիւնները: Ստորեւ` անոր արտասանած խօսքին  ամբողջութիւնը. «Ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ տեսակի հարցի լուծման բանալին հաղորդակցութիւնն է, իսկ օրինակելի ու կատարեալ աշխարհին մէջ խորհրդարանները, Ազգային ժողովները եւ քոնկրեսները կը կազմեն հաղորդակցութեան այն կերպերը,...

Աննայայի Մէջ.  Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Ս. Շարպելի Տօնին Նուիրուած Ս. Պատարագին

Աննայայի Մէջ. Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Ս. Շարպելի Տօնին Նուիրուած Ս. Պատարագին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Աննայայի Մար Մարուն եկեղեցին` ներկայ գտնուելու համար Ս. Շարպելի տօնին նուիրուած Ս. պատարագին: Այս առիթով պատարագին նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ Ս. Շարպելին կ՛աղօթեն, որպէսզի ան պաշտպանէ Լիբանանը եւ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ յաւելեալ կորով տայ հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի երկրին նաւը շարունակէ իմաստութեամբ եւ վճռակամութեամբ վարել`...

«Նախարարութեան Վիճակագրութեան Համաձայն Թմրեցուցիչը Տարածուած Է Լիբանանի Դպրոցներուն, Համալսարաններուն Եւ Սրճարաններուն Մէջ»  Շեշտեց Ժապաք

«Նախարարութեան Վիճակագրութեան Համաձայն Թմրեցուցիչը Տարածուած Է Լիբանանի Դպրոցներուն, Համալսարաններուն Եւ Սրճարաններուն Մէջ» Շեշտեց Ժապաք

Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած թմրամոլութեան դէմ պայքարի վարժանիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ թմրամոլութեան դէմ պայքարը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան զինուորական ու քաղաքական պայքարները, որոնք Դիմադրութեան համար դիւրին են: «Սակայն թմրամոլութեան դէմ պայքարը աւելի բարդ է, որովհետեւ մենք կը պայքարինք անծանօթներու դէմ, որոնք հարստանալու դիւրին ձեւը կ՛որոնեն` ընկերութիւնը քանդելու գնով», ըսաւ ան: Ժապաք զգուշանալու...

«Քապըր Շմունի Միջադէպին Հարցով Կոչ Կ՛ուղղեմ Վարչապետին` Ստանձնելու Իր Պատասխանատուութիւնները»  Շեշտեց Արսլան

«Քապըր Շմունի Միջադէպին Հարցով Կոչ Կ՛ուղղեմ Վարչապետին` Ստանձնելու Իր Պատասխանատուութիւնները» Շեշտեց Արսլան

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ անդրադարձաւ Քապըր Շմունի միջադէպին` շեշտելով, որ կարելի չէ այդ թղթածրարին առումով խելացի խաղերու ձեռնարկել «որովհետեւ մարդոց թափած արիւնը խաղալիք չէ: Նախարար մը կամ երկու նախարարներ պիտի սպաննուէին քաղաքական վտանգաւոր որոշումի մը պատճառով: Այս միջադէպին ի տես տրամադրուեցան նիւթական յատկացումներ, իսկ այս բոլորին մէջ կայ նախարար մը, որ ամբաստանուած է միջադէպը ծրագրելու յանցանքով»,...

Աթալլա. «Գաղթականներու Թղթածրարը Ազգային Եւ Մարդասիրական Թղթածրար Է, Իսկ Մեր Նպատակն Է Պէտք Եղած Գումարը Ապահովել` Փակելու Համար Այս Նախարարութիւնը»

Աթալլա. «Գաղթականներու Թղթածրարը Ազգային Եւ Մարդասիրական Թղթածրար Է, Իսկ Մեր Նպատակն Է Պէտք Եղած Գումարը Ապահովել` Փակելու Համար Այս Նախարարութիւնը»

Պաալպեքի Տուրիս շրջանի քաղաքապետութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գործակցաբար կազմակերպեց հանդիպում մը` շրջանի բնակչութեան եւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլայի միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին Աթալլա շեշտեց Պաալպեքի մէջ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան իրավիճակին կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ իրեն համար անբացատրելի է, թէ ինչո՛ւ գաղթականութեան հարցերու նախարարութիւնը երեսուն տարուան ընթացքին գործած է միայն մէկ շրջանի մէջ, մինչդեռ նախարարութիւնը կը վերաբերի պատերազմէն տուժած...

Խորհրդարանը 83 Թեր Քուէներով  Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը 83 Թեր Քուէներով Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան վաւերացուց 2019-ի պետական ամավարկը` 83 թեր, 17 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ քուէներով: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին իր լիագումար նիստին վերսկսած խորհրդարանը վկայեց հանգստեան կոչուած բանակայիններուն նստացոյցը, որ վերածուեցաւ բողոքի ցոյցի, որուն ընթացքին որդեգրուեցան մագլցողական քայլեր: Հանգստեան կոչուած բանակայինները փորձեցին վերցնել դէպի խորհրդարան առաջնորդող ճամբուն փշաթելերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անոնք բախում ունենան Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ...

Ուաշինկթընի Մէջ  Երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի  Եւ Ա. Պեզզի Այցելեցին Քոնկրես

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխաններ Յ. Բագրատունի Եւ Ա. Պեզզի Այցելեցին Քոնկրես

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Ալի Պեզզի Ուաշինկթընի մէջ շարունակեցին իրենց հանդիպումները: Քոնկրեսին մէջ երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի հանդիպումներ ունեցան ծագումով լիբանանցի քոնկրեսականներ Չարլի Քրայսթի եւ Կերեթ Կրիֆիսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի համար հիմնական թղթածրարներ նկատուող սուրիացի տեղահանուածներուն, պաղեստինեան դատին, լիբանանցիներու դէմ ելեւմտական պատժամիջոցներու հաստատումին եւ ինքն իր բնական...

«Քապըր Շմունի Միջադէպին Հետքերը Կարելի Է  Ջնջել Միայն Արդար Դատավարութեամբ Մը,  Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Հաշտութիւն»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Քապըր Շմունի Միջադէպին Հետքերը Կարելի Է Ջնջել Միայն Արդար Դատավարութեամբ Մը, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Հաշտութիւն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Շուֆի հոգեւորականները` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աունի: «Ոչ ոք համաձայն է այդ պատահարին եւ ոչ ոք օրէնքը կամ արդար դատավարութեան հոլովոյթը պիտի կարենայ շրջանցել», ըսաւ նախագահ Աուն: Ան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ ազգային համերաշխութիւնը երաշխաւորուած է` նախ եւ առաջ իր զաւակներուն կամքով եւ ապա պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն...

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց  Ապտելլահեանը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ապտելլահեանը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը: Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իր նահատակներուն թափած արեան շնորհիւ այսօր կը գտնուի իր լաւագոյն վիճակին մէջ, մինչ Միացեալ Նահանգներ եւ սիոնականութիւնը կը շարունակեն իրենց բռնարարքները` թիրախ դարձնելով շրջանին կայունութիւնը, ինչպէս է Սուրիոյ պարագան: Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն ահաբեկիչներուն մաքրագործումը, ինչպէս...

Ֆրենժիէ. «Դիմադրութիւնը Միակ Լուծումն Է  Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումին  Եւ Արժանապատուութեան Պահպանումին»

Ֆրենժիէ. «Դիմադրութիւնը Միակ Լուծումն Է Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումին Եւ Արժանապատուութեան Պահպանումին»

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը միակ լուծումն է բռնագրաւուած հողերու ազատագրումին եւ արժանապատուութեան պահպանումին: «Մենք առաջին օրէն իսկ մեր գրաւը դրած ենք Դիմադրութեան վրայ եւ կը շարունակենք նոյն ընթացքով», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ հաստատեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին փլուզումը կը նշանակէր Դիմադրութեան պարտութիւնը, «եւ այդ պատճառով ալ Իսրայէլ վար առաւ բոլոր...

Խորհրդարանը Ընդունեց  Մուսաուիի Հրաժարականը

Խորհրդարանը Ընդունեց Մուսաուիի Հրաժարականը

2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քարտուղարութենէն պահանջեց կարդալ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուիի հրաժարականը` հաստատելով, որ անիկա վերջնական է: Խորհրդարանին կողմէ Մուսաուիի հրաժարականին ընդունումէն ետք Զինուորական ատեանը զայն ամբաստանեց Ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ ոստիկանատան մէջ կրակ բանալու, ոստիկաններուն սպանութեան սպառնալիքներ ուղղելու եւ ոստիկանատան նիւթական վնաս հասցնելու յանցանքով: Զինուորական ատեանը ամբաստանեց նաեւ...

Նեթանիահու. «Եթէ Ստիպուինք Նոր  Պատերազմի Մը Մէջ Ներքաշուիլ, Ապա Պիտի Պայքարինք  Մեր Յաղթանակը Ապահովող Հսկայական Ուժով»

Նեթանիահու. «Եթէ Ստիպուինք Նոր Պատերազմի Մը Մէջ Ներքաշուիլ, Ապա Պիտի Պայքարինք Մեր Յաղթանակը Ապահովող Հսկայական Ուժով»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բացայայտուած Հըզպալլայի գետնափոր փապուղիներէն բացի իրենք կատարած են նաեւ այլ բացայայտումներ, զորս յարմարագոյն պահուն եւ անակնկալ կերպով պիտի մատուցեն: «Մենք պատերազմ չենք ուզեր, սակայն եթէ ստիպուինք նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշուիլ, ապա պիտի պայքարինք մեր յաղթանակը ապահովող հսկայական ուժով», ըսաւ ան: 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին սպաննուած իսրայէլացի զինուորներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ պետական ամավարկը առաջին քայլ մըն է` հակակշռելու Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը: ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ կառավարութիւնը պաղեստինցի գաղթականներու թղթածրարը իր նիստերուն ընթացքին արծարծէ` աւելցնելով, որ պաղեստինցի գաղթականներուն պէտք է նուազագոյնը աշխատանքի իրաւունք շնորհել, որպէսզի անոնք կարենան բարօրութեամբ ապրիլ: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ ընդգծեց, որ պետական ամավարկի ծրագիրը...

Խորհրդարանը Այսօր Կը Վաւերացնէ  2019-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը Այսօր Կը Վաւերացնէ 2019-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան լիագումար նիստին շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը, իսկ երեկոյեան նիստը տակաւին չգումարուած, տեղեկատուական միջոցներ հաղորդեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուիի հրաժարականին մասին լուրը: Նաուաֆ Մուսաուի իր հրաժարականին մէջ նշած էր, թէ իր հրաժարականը ներկայացնելով ինք կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` Հըզպալլան հեռու պահելով յաւելեալ հետեւանքներէ: «Ես պատրաստ եմ իմ պատասխանատուութիւններս ստանձնելու», ըսաւ ան: Աւելի ուշ Հըզպալլայի կողմէ...

«Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Ստանձնէ  Իր Պատասխանատուութիւնները` Յատուկ Կարիքներ  Ունեցող Պարագաներուն Օժանդակելու Նպատակով»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Ստանձնէ Իր Պատասխանատուութիւնները` Յատուկ Կարիքներ Ունեցող Պարագաներուն Օժանդակելու Նպատակով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց յատուկ կարիքներ ունեցող պարագաներու օժանդակող եւ հոգատարութիւն ցուցաբերող սեփական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նշեալ հաստատութիւններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս նկատի ունենալով 2019-ի պետական ամավարկին մէջ անոնց յատկացումները նուազեցնելու կարելիութիւնները: «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները` յատուկ կարիքներ ունեցող պարագաներուն եւ այդ պարագաներուն օժանդակող հաստատութիւններուն օժանդակելու նպատակով: Յատուկ...

Պաղեստինցի Աշխատաւորներուն  Թղթածրարը Լուծուած Է

Պաղեստինցի Աշխատաւորներուն Թղթածրարը Լուծուած Է

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմատի հետ, որուն հետ քննարկեց պաղեստինցի գաղթականներու աշխատանքի իրաւունքին վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ահմատ յայտնեց, որ պաղեստինցի աշխատաւորներուն թղթածրարը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ աշխատանքի նախարարութեան պատասխանատուութիւնը: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին շեշտեց, որ պաղեստինցի աշխատաւորներուն...

Նախարար Կիտանեան  Կը Ստանայ Շնորհաւորագիր Մը

Նախարար Կիտանեան Կը Ստանայ Շնորհաւորագիր Մը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ստացաւ շնորհաւորագիր մը, յղուած` Լիբանանի մէջ Զբօսաշրջական հաստատութիւններու սեփականատէրերու համախմբումին կողմէ: Շնորհաւորագիրին մէջ համախմբումը ողջունեց նախարար Կիտանեանի ի գործ դրած ջանքերը` զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու նպատակով: Շնորհաւորագիրը կ՛ըսէ հետեւեալը. «Արդեօք հիմա քեզ կը տեսնե՞ն իբրեւ բոլոր լիբանանցիներուն նախարարը, որ անցաւ ամբողջ շրջաններով, այցելեց բոլոր համայնքները եւ ամիսներով գլխաւորեց նախարարութեան աշխատանքները` պատրաստելու եւ կազմակերպելու զբօսաշրջական այս եղանակը, գործադրելով...

Page 542 of 988 1 … 541 542 543 … 988

Արխիւներ