ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իր միջոցներով պիտի նպաստէ պետական ամավարկին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին համեմատութիւնը նուազեցնելու: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` շեշտելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ նիւթական իր պարտաւորութիւնները կատարելու:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն սադրանքներ նախապատրաստող բառամթերք չօգտագործելու եւ ազգային շահերը առաջնահերթ նկատելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա երէկ յայտնեց, որ պէտք է զգուշանալ դէպի Լիբանան ներխուժող բնակեցման դիմակաւոր փոթորիկէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Իւպեր Քորմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ եթէ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապալի իրավիճակը նոյն թափով շարունակուի, ապա Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի տնտեսական սնանկացում: