Մինչ խորհրդարանը երէկ կը շարունակէր քննարկել 2019-ի պետական ամավարկը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը սերտէր յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրելու կարելիութիւնը:
Այս առումով վարչապետ Հարիրի եւ Պըրրի խորհրդարանին մէջ ունեցան նաեւ դռնփակ հանդիպում մը:
Երէկ կէս գիշերին լաւատեղեակ աղբիւրներ ընդգծեցին յառաջիկայ շաբաթ կառավարութեան նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ անոր քննարկելիք օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու թղթածրարը:
Միւս կողմէ, երէկ ցերեկային եւ գիշերային նիստերով շարունակուեցան խորհրդարանին կողմէ 2019-ի պետական ամավարկին շուրջ քննարկումները:
Զոյգ նիստերուն ընթացքին խօսք առին մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնք թեր եւ դէմ քուէներով աւարտեցին իրենց արտասանած համեմատաբար երկար ճառերը:
Ընդմիջումի մը ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ խորհրդարանին պարտականութիւնն է վաւերացնել պետական ամավարկը, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը ներկայ չըլլայ խորհրդարանի այդ լիագումար նիստին:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները խստիւ դատապարտեցին 2019-ի պետական ամավարկը եւ դէմ քուէարկեցին անոր:
Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի պետական ամավարկին նկատմամբ թեր քուէարկեց` զայն նկատելով անհրաժեշտութեան ամավարկ:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս դէմ քուէարկեց ամավարկին` հաստատելով, որ ան ելեւմտական հաշուեփակ, ինչպէս նաեւ տնտեսական յստակ տեսլական չի բովանդակեր:
Երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին մաղթեց, որ պետական ամավարկը տնտեսական ծրագիր բովանդակէ: Ան կոչ ուղղեց կիներու պաշտպանութեան դատին տէր կանգնելու:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ շեշտեց, որ պետական ամավարկը լիբանանցիներուն տնտեսական փրկութեան ծրագիր մը չէ: Ան խստիւ դատապարտեց եւ անարդար գտաւ համեստ դասակարգին վրայ տուրքերու պարտադրումը:
Երեսփոխաններ Զիատ Հաուաթ, Անթուան Հապշի եւ Ուեհպէ Քաթիշա իրենց կարգին պետական ամավարկին դէմ քուէարկեցին:
Նասըրական շարժումի նախագահ, երեսփոխան Ուսամա Սաատ քննադատեց պետական ամավարկը` զայն կոչելով հաշմուած ամավարկ: Ան այդ ամավարկին դէմ քուէարկեց:
Խորհրդարանի ցերեկային նիստին աւարտը յայտարարուեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Երեկոյեան նիստը բացուեցաւ ժամը 6:00-ին: Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ իրենք ամավարկին դէմ պիտի քուէարկեն: Ան հաստատեց, որ իրենք կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը, երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարել եւ նախագահական համաձայնութեան պէտք է վերջ տալ:
Երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ անարդար է յայտարարել, թէ պետական ամավարկը անիմաստ է, որովհետեւ զայն մշակելու համար մեծ ջանքեր ի գործ դրուած են: Ան թեր քուէարկեց պետական ամավարկին:
Երեսփոխան Մարիօ Աուն զօրակցութիւն յայտնեց պետական ամավարկին` յոյս յայտնելով, որ 2020-ի պետական ամավարկը կարելի կ՛ըլլայ սահմանադրական ժամկէտին վաւերացնել եւ ներդրողներուն վստահութիւն ներշնչել:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ ինք դէմ կը քուէարկէ պետական ամավարկին` շեշտելով, որ սեղմում չի նշանակեր լիբանանեան բանակին տրամադրութիւնները եւ դատական իշխանութեան անկախութիւնը հարուածել:
Երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ իր կարգին հաստատեց, որ ինք 2019-ի պետական ամավարկին դէմ կը քուէարկէ, որովհետեւ ոչ ոք համոզուած է այդ ամավարկով` նոյնիսկ եթէ ակամայ կ՛որդեգրէ զայն:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին, Պըրրի յայտարարեց ժողովին աւարտը: Խորհրդարանի նիստը կը շարունակուի այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին: