Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը` ընկերակցութեամբ միութեան նորընտիր վարչութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու դրամատուներուն աշխատանքը:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց բոլորը` մաղթելով, որ Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նոր վարչութիւնը կը յաջողի գործադրել միութեան նպատակները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի տնտեսական կեանքին մէջ դրամատնային մարզին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր դրամատուներու միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` պաշտպանելու համար երկրին ելեւմտական կայունութեան:
Նախագահ Աուն շեշտեց երկրին տնտեսական կացութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` յատկապէս 2019-ի պետական ամավարկին ստանալիք վաւերացումէն ետք:
Ան շեշտեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը պիտի պատրաստուի սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ հաւասարակշռուած եւ բարեկարգումներ պարունակող ամավարկ մը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան պիտի կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապը` գործակցելով բոլորին հետ, յատկապէս անոնց, որոնք երկրին շահերը ամէն բանէ վեր կը դասեն:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Մարդկային իրաւունքներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ մարդկային իրաւունքները յարգող պետութիւն մը ըլլալու Լիբանանի վարկը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, «եւ պէտք է այդ իրականութիւնը ամրապնդել», աւելցուց ան:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստացաւ Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան նախագահելու հրաւէրը:



