Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց արհեստագիտութեան եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: