Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռամպլինկ շեշտեց, որ Հասանի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական եւ շինիչ` աւելցնելով, որ անոնք միասնաբար քննարկած են երկրին ապահովական մարզին վերաբերող խնդիրներ:
Ռամպլինկ ընդգծեց Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովութեան: «Լիբանանի ապահովութիւնը մեր ապահովութիւնն է», ըսաւ Ռամպլինկ` հաստատելով, որ իրենք ընդգծած են նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն զօրակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: