Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ 2019-ն Զբօսաշրջութեան Լաւագոյն Տարին Է` Բաղդատած Նախորդ 7 Տարիներուն»

Յուլիս 17, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ 2019-ն զբօսաշրջութեան լաւագոյն տարին է` բաղդատած նախորդ 7 տարիներուն:

Ան նշեց, որ մրցակցութիւնը տակաւին 2010-ին ապահովուած արդիւնքներուն հետ է` նկատի ունենալով, որ անիկա եղած է զբօսաշրջութեան լաւագոյն տարին:

Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ երկրին մէջ կատարուած ամրագրումները` պանդոկներու, վարձու ինքնաշարժներու եւ ճամբորդական գրասենեակներու մօտ ցոյց կու տան, որ այս մարզը առողջ է, եւ նուաճումներու հսկայ աճ մը կ՛արձանագրուի:

Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ Համմանայի քաղաքապետութիւնը յայտարարեց Համմանայի փառատօնին մեկնարկը:

Այս առիթով միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ա. Կիտանեան ողջունեց Համմանայի քաղաքապետ Ֆատի Սալիպիի ջանքերը եւ աշխուժութիւնը` Համմանան զետեղելու Լիբանանի զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ:

Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ Համմանայի մէջ իր ունեցած մանկութեան քաղցր յուշերուն` հաստատելով, որ ինք խանդավառ է կազմակերպուած փառատօնով եւ 27 յուլիս 2019-ին անձամբ ներկայ պիտի գտնուի այդ փառատօնին:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ նախարարութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէ Համմանայի քաղաքապետութեան եւ անոր փառատօնի կազմակերպումին:

 

Նախորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը Եւ Կազմակերպելու Կանխահաս Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Քուպիչի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?