Լիբանանեան

Ապի Խալիլ. «Ռայի Պատրիարքը Յանձնառու Է   Լեռնալիբանանի Ապահովութեան  Վերահաստատումին»

Ապի Խալիլ. «Ռայի Պատրիարքը Յանձնառու Է Լեռնալիբանանի Ապահովութեան Վերահաստատումին»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, պետական ամավարկի քննարկումն ու Լեռնալիբանանի վերջին իրադարձութիւնները: Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու է Լեռնալիբանանի ապահովութեան վերահաստատումին: Ան նշեց, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աշխատանքները եւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ճիգերը` ընդգծելով, որ անոնք կը նպատակադրեն...

Բանակի Հրամանատարը Բրիտանիոյ  Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններուն Հետ  Քննարկեց Սահմանային Հարցերը

Բանակի Հրամանատարը Բրիտանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Սահմանային Հարցերը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ` սահմանապահներու Բ. զօրամասի զօրանոցին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սուրիական սահմանային ապահովութեան ծրագիրին առումով արձանագրուած յառաջդիմութիւնները, ըստ բրիտանական դեսպանատան հաղորդագրութեան: Հանդիպումէն ետք Ռամպլինկ յայտնեց, որ իրենց համար պատիւ է այցելել լիբանանեան սահմանապահ ուժերուն զօրանոցը` աւելցնելով, որ այդ ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի...

Լիբանանի Նախկին Վարչապետներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին.  Սալման Թագաւորը Շեշտեց, Որ Սէուտական  Արաբիան Լիբանանին Ծառայող Ամէն Բանի Հետ Է

Լիբանանի Նախկին Վարչապետներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Սալման Թագաւորը Շեշտեց, Որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանին Ծառայող Ամէն Բանի Հետ Է

Երէկ Լիբանանի նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ այցելեցին Սէուտական Արաբիա` հանդիպում ունենալու համար Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հանդիպման ընթացքին Սալման թագաւորը նախկին վարչապետներուն հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները, ան վերահաստատեց Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ սէուտական յանձնառութիւնը եւ շեշտը դրաւ արաբական միջավայրին մէջ Լիբանանի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ: Սալման թագաւորը նաեւ...

Նախագահ Աուն Հանդիպում  Ունեցաւ Իան Քուպիչի Հետ

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Իան Քուպիչի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչի հետ: Նախագահ Միշել Աուն ընդգծեց Լիբանանի շահագրգռուածութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան շարունակութեան վերաբերեալ, առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին: Ան յոյս  յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը կ՛արձագանգէ այդ ուժերուն ժամանակաշրջանը երկարաձգելու Լիբանանի պահանջին` առանց որեւէ փոփոխութիւն մտցնելու...

Պասիլ. «Մենք Թեր Պիտի Քուէարկենք Պետական  Ամավարկին Եւ Ուրիշներու Նման  Ամբոխավարական Կեցուածք Պիտի Չորդեգրենք»

Պասիլ. «Մենք Թեր Պիտի Քուէարկենք Պետական Ամավարկին Եւ Ուրիշներու Նման Ամբոխավարական Կեցուածք Պիտի Չորդեգրենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ջանայ քաղաքական լուծում գտնել Քապըր Շմունի հարցին եւ կը պնդէ, որ կառավարական նիստ տեղի պիտի չունենայ մինչեւ այդ հարցին լուծուիլը` շեշտելով, որ ոչ ոք նպատակ ունի արգելք հանդիսանալ նիստերուն: Հզօր Լիբանան համախմբումի արտակարգ ժողովէն ետք, Պասիլ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ պետական ամավարկի հարցին`...

Աշխատանքի Նախարարը Ընդունեց  Պու Ֆաուրն Ու Ճարտարարուեստի Մարզի  Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

Աշխատանքի Նախարարը Ընդունեց Պու Ֆաուրն Ու Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Պու Ֆաուրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ  Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան դիւանի անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարարութեան որդեգրած ծրագիրը` կազմակերպելու համար Լիբանանի մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն աշխատանքի կարելիութիւնը` սահմանափակելով...

Ռայա Հասան. «Ցաւալի Է, Որ Ոմանք Կը Զբաղին  Քաղաքական Այնպիսի Օրակարգերով,  Որոնք Կը Խոչընդոտեն Կառավարութեան Աշխատանքը»

Ռայա Հասան. «Ցաւալի Է, Որ Ոմանք Կը Զբաղին Քաղաքական Այնպիսի Օրակարգերով, Որոնք Կը Խոչընդոտեն Կառավարութեան Աշխատանքը»

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան նշեց, որ ընթացքի մէջ է ելեկտրոնային կառավարութեան զարգացման աշխատանքը, եւ դժբախտաբար ոմանք կը զբաղին քաղաքական այնպիսի օրակարգերով, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան աշխատանքը, այն ժամանակ, երբ երկիրը ամէն վայրկեանի կարիքը ունի եւ առիթներ կորսնցնելը ի նպաստ իրեն չէ: Սայտայի սերային մէջ «Ելեկտրոնային նահանգի ուղղութեամբ» ծրագիրի մեկնարկին ժամանակ նախարար Հասան յայտնեց, որ ելեկտրոնային կառավարութեան անցումը հիմնական քայլ...

Ժողովուրդն Է Աղբիւրը  Անկախութեան Եւ Ազատութեան

Բագրատունի Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

Ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան հրաւէրին` երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալի Պեզզի մեկնեցան Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցին խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան Քոնկրեսի ղեկավարներուն եւ քոնկրեսականներու հետ: Այս ֆորումին հրաւիրուած են 20 երկիրներու խորհրդարանական ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` Հայաստանէն, Վրաստանէն, Խըրխըզիստանէն, Լիպերիայէն, Թունուզէն, Ինտոնեզիայէն, Նեփալէն, Կուաթեմալայէն եւ Չիլիէն երեսփոխաններ: Ֆորումի ընթացքին, Բագրատունի պիտի խօսի «Միջկուսակցական յարաբերութիւններու հզօրացում» նիւթին...

Վարչապետ Հարիրի  Ընդունեց Ժոմպլաթը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ, 13 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպի, ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց,...

Պասիլ. «Հանրապետութեան Նախագահութեան  Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ, Իսկ Զիս Եւ Ազգային  Ազատ Հոսանքը Սիրողը Այդ Մասին Պէտք Չէ Խօսի»

Պասիլ. «Հանրապետութեան Նախագահութեան Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ, Իսկ Զիս Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքը Սիրողը Այդ Մասին Պէտք Չէ Խօսի»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան: Հարաւային Լիբանանի շրջապտոյտի սեմին, Պասիլ շաբաթ երեկոյեան գիշերեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի բնակարանը` Քաուսարիյաթ Սայատի մէջ, հարաւային Լիբանան: Երէկ առաւօտեան Պասիլ հարաւի իր շրջապտոյտը սկսաւ Ժտայտեթ Մերժահիունէն` ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ: Այն Իպըլի մէջ Պասիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան հարցը օրակարգի վրայ չէ` աւելցնելով, որ...

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան  Մարզը Պիտի Յաջողի, Եւ Զբօսաշրջիկներու  Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Պիտի Հաստատենք»

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Մարզը Պիտի Յաջողի, Եւ Զբօսաշրջիկներու Թիւի Իմաստով Նոր Մրցանիշ Պիտի Հաստատենք»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Շուֆի մէջ մեկնարկը կատարեց 2019-ի ամրան եղանակին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ ինք խոստացած է լիբանանցիին եւ զբօսաշրջիկին միջեւ սիրոյ ու հիւրասիրութեան մշակոյթի վրայ հիմնուած  վարուելակերպը լուսարձակի տակ առնել: Ան աւելցուց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը եւ այդ մարզին ապահոված նիւթական մուտքը նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատեն: Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ...

Թրիփոլիի Մէջ Ժողովրդային  Շուկայ Մը` Ամբողջութեամբ Հրկիզուած

Թրիփոլիի Մէջ Ժողովրդային Շուկայ Մը` Ամբողջութեամբ Հրկիզուած

Թրիփոլիի Ապու Ալի գետին կից գտնուող ժողովրդային շուկային մէջ շաբաթ կէս գիշերին բռնկած է հրդեհ մը, որուն պատճառով շուկան ամբողջութեամբ հրկիզուած է, ինչպէս նաեւ հրդեհի ենթարկուած ինքնաշարժ մը պայթած է: Թրիփոլիի քաղաքապետ Ահմետ Քամարէտտին այցելեց շուկան եւ տեսաւ հրկիզուած տաղաւարները: Ան հանդիպումներ ունեցաւ տաղաւարներու սեփականատէրերուն հետ եւ լսեց անոնց պահանջները: Քամարէտտին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն ու...

Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդիչ  Հարուածով Մը Հակադարձել

Նեթանիահու Կը Սպառնայ Քանդիչ Հարուածով Մը Հակադարձել

Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին 13-ամեակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ ուրբաթ, 12 յուլիսին, հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնցմէ էր այն, որ հիւսիսային գրաւեալ Պաղեստինը ամբողջութեամբ Հըզպալլայի հրթիռներուն թիրախ է: Պատասխանելով այս յայտարարութեան, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնաց զինուորական գործողութեամբ մը քանդիչ հարուածով հակադարձել, եթէ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ յարձակում սանձազերծէ: Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար...

Ֆրենժիէ. «Ժրայսաթի Զղարթայի Մէջ  Աղբահանումի Տագնապ Պատճառած Է»

Ֆրենժիէ. «Ժրայսաթի Զղարթայի Մէջ Աղբահանումի Տագնապ Պատճառած Է»

Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթիի Զղարթա կատարած այցելութեան ընթացքին Ատուայի աղբանոցը փակելու պատճառով, Զղարթայի մէջ աղբահանումի տագնապ մը ստեղծուած է: Ֆրենժիէ շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ աղբի տագնապը դիտմամբ ստեղծուած տագնապ մըն է, որովհետեւ ոմանք քաղաքական առումով այդ շրջանը կը միտին թիրախ դարձնել` կենսոլորտի թղթածրարին ընդմէջէն: Ան կոչ ուղղեց...

Մուսաուի Հերքեց, Թէ Ինք Տամուրի  Ոստիկանատան Մէջ Կրակ Բացած Է

Մուսաուի Հերքեց, Թէ Ինք Տամուրի Ոստիկանատան Մէջ Կրակ Բացած Է

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկ հերքեց, թէ ինք Տամուրի ոստիկանատան մէջ կէս գիշերին կրակ բացած է Մըքտատ ընտանիքի մէկ անդամին վրայ: Ան շեշտեց, որ իր փեսան հետապնդած է իր դուստրը` Ղատիր Մուսաուին, եւ անոր հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցած: «Ոչ ոք կրակ բացած է: Ես ոստիկանատան շրջափակը ներկայացայ, որպէսզի աղջիկս առնեմ», ըսաւ Մուսաուի: Նշենք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի անցեալ շաբաթավերջին 2019-ի պետական ամավարկին մասին իր վերջնական տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ 2019-ի պետական ամավարկին վաւերացման համար ճշդուած խորհրդարանի լիագումար նիստերը պիտի չառկախուին: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ շեշտեց, որ իրենք կ՛ուղղուին Քապըր Շմունի հարցին բարւոք լուծում մը...

Պաապտայի Մէջ.   «Քապըր Շմունի Միջադէպը Աննշան Չէր,  Եւ Կառավարութեան Նիստը  Իմ Որոշումովս Յետաձգուեցաւ»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Պաապտայի Մէջ. «Քապըր Շմունի Միջադէպը Աննշան Չէր, Եւ Կառավարութեան Նիստը Իմ Որոշումովս Յետաձգուեցաւ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը, յատկապէս Քապըր Շմունի միջադէպին լուծումը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պետական ամավարկը վաւերացնելու օրակարգը ինքզինք պիտի պարտադրէ: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացիին մտահոգութիւնը երկրին տնտեսական իրավիճակն է, հետեւաբար պէտք է վերջ տալ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական  Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Վարչապետին Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի մօտ կը տիրէ դրական մթնոլորտ: «Ան մնայուն աշխատանքի մէջ է եւ կ՛ողջունէ բոլորին ջանքերը, ինչպէս նաեւ իր կարգին ճիգ...

Ղասսան Սէուտ 29 Հոկտեմբերին Կը Ներկայանայ Դատարան

Ղասսան Սէուտ 29 Հոկտեմբերին Կը Ներկայանայ Դատարան

25 փետրուար 2019-ին «Օ. Թի. Վի.» կայանէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ կատարած ամբաստանութեանց իբրեւ պատասխան յարուցուած դատական բողոքին իբրեւ հետեւանք, ամբաստանութեանց հեղինակ լրագրող Ղասսան Սէուտ 26 մարտ 2019-ին հրաւիրուած է պետական համապատասխան բաժանմունք եւ ենթարկուած է հարցաքննութեան: Հարցաքննութեան աւարտին, լրագրող Սէուտ բնակավայրի փաստաթուղթի ստորագրութեամբ ազատ արձակուած է, եւ ապա 29 հոկտեմբեր 2019-ը նշանակուած է դատավարութեան թուական:  

Նախագահ Աուն. «Խաղաղութիւն Հաստատելու  Նախկին Փորձերը Ձախողեցան,  Որովհետեւ Անոնք Թուղթի Վրայ Մնացին»

Նախագահ Աուն. «Խաղաղութիւն Հաստատելու Նախկին Փորձերը Ձախողեցան, Որովհետեւ Անոնք Թուղթի Վրայ Մնացին»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մեքսիքոյի, Վենեզուելայի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Քարիպեան կղզիներու յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Իգնատիոս Սըմաան եպիսկոպոսը` ընկերակցութեամբ արտերկրի լիբանանցիներու պատուիրակութեան մը:  Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, կրնան իրենց արմատներով եւ պատմութեամբ հպարտանալ, որովհետեւ անոնք պատմութեան ընթացքին մեծագոյն քաղաքակրթութիւններուն ծանօթ են եւ զանոնք իրենց հետ փոխադրած...

Page 544 of 988 1 … 543 544 545 … 988

Արխիւներ