Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եւրոպական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Լասընը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լասընը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները: