Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Սկսաւ 2019-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Իր Լիագումար Նիստերուն

Յուլիս 17, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի ցերեկային եւ գիշերային լիագումար նիստերուն, որոնց ընթացքին սկսաւ քննարկուիլ 2019-ի պետական ամավարկը` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ կառավարութեան:

Զոյգ նիստերուն ընթացքին խօսք առին մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնք անդրադարձան 2017-ի պիւտճէի նուազեցումին, փտածութեան եւ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած խախտումներուն:

Առաւօտեան նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ինք խօսած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ համաձայնած, որ խորհրդարանի լիագումար նիստերուն ընթացքին կառավարութիւնը պիտի գումարէ նիստ մը` որոշելու համար 2017-ի պիւտճէի նուազեցումը:

Երեկոյեան նիստին ընթացքին Պըրրի խորհրդարանէն ներում հայցեց առաւօտեան իր կատարած յայտարարութեան համար` հաստատելով, որ կառավարութիւնը նիստ պիտի չգումարէ, հետեւաբար 2017-ի պիւտճէի նուազեցումը խորհրդարանը պիտի կատարէ:

Առաւօտեան նիստին ընթացքին երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց կառավարութեան սկսելու իր աշխատանքներուն, այլ` խօսքով գումարելու իր նիստերը: Ան հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին համաձայն պիտի գտնուին, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ կրնան 2020-ի պետական ամավարկին ալ համաձայն գտնուիլ, եթէ ան նոյն բովանդակութիւնը ունենայ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ հաստատեց, որ կուսակցութիւնը 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացման դէմ պիտի քուէարկէ, հակառակ անոր որ համաձայն է անոր բովանդակած բարեկարգումի կարգ մը կէտերուն:

Երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա ընդգծեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը թեր պիտի քուէարկէ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումին:

Երեսփոխան Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց կառավարութեան 2020-ի պետական ամավարկը խորհրդարան ներկայացնելու` յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականը:

Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ հանրութեան գումարներուն շուրջ գործարքը ոճիր է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն կասեցնելու այդ մէկը:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը 2019-ի պետական ամավարկին մէջ որոշ բարեփոխումներ կատարած է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը յանձնառու չէ մնացած 2018-ի պիւտճէի նուազեցումին եւ այդ իմաստով իր պարտականութիւնը չէ կատարած:

Քանաան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք չէ ուշանայ 2020-ի պետական ամավարկը պատրաստելու:

Իր կարգին, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք եւս կ՛ուղղուին մերժելու 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումը:

Երեկոյեան նիստին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք պետական ամավարկի իւրաքանչիւր յօդուածին դէմ պիտի քուէարկեն, բացի այն կէտերէն, որոնք բարեկարգում կը պարունակեն:

Ատուանի խօսքէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը իրենց առաջարկած է պենզինի թիթեղի սակին վրայ 5 հազար լ. ոսկիի յաւելում մը կատարել, ինչպէս նաեւ Յաւելուած արժէքի տուրքը 15 առ հարիւրի բարձրացնել, «սակայն բոլոր այս առաջարկները կարելի չէ նկատի ունենալ, որովհետեւ Լիբանանի շահերը եւ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը առաջնահերթ են», ըսաւ ան` հեգնանքով, որ Լիբանանեան ուժերը թող կատարեն այդ մէկը, եթէ կը փափաքին այդ առաջարկներուն ընդառաջել:

«Կը փորձենք լուծել 15 տարուան հարց մը եւ հարցերուն մօտենալ դրական կերպով: Կառավարութեան դէմ յարձակեցէք որքան ուզէք, սակայն պատասխանատուութեամբ խօսեցէք ելեւմտական կայունութեան մասին: Պետական այս ամավարկը իշխանութեան երեք պետերն ալ չեն փափաքիր ունենալ, սակայն այս փուլին կարելի է միայն այս տարբերակը ներկայացնել», ըսաւ ան:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի, որ նշեց, թէ 2019-ի պետական ամավարկին խորագիրն է սեղմումը` աւելցնելով սակայն, որ Աքքար սեղմում չի կրնար հանդուրժել, այլ` կարիքը ունի ներդրումի:

Երեսփոխան Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը կարմիր գիծին մօտեցած է եւ կարելի չէ նոյն ձեւով շարունակել:

Պըրրի նիստը փակեց երէկ գիշեր ժամը 9:15-ին: Լիագումարը կը շարունակուի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Հանգստեան Կոչուած Բանակայիններու Բողոքի Նստացոյց 

Նշենք, որ Հանգստեան կոչուած բանակայինները երկուշաբթի երեկոյեան «Նահար» օրաթերթի կեդրոնին դիմաց  լարեցին վրան մը եւ հացադուլ յայտարարեցին, մինչեւ որ խորհրդարանը աւարտէ պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումարը:

Իսկ երէկ առաւօտեան մինչ խորհրդարանը իր լիագումարը կը կատարէր, մեծ թիւով հանգստեան կոչուած բանակայիններ Նահատակաց հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին` մերժելով իրենց իրաւունքները թիրախ դարձնել:

Անոնք ընդգծեցին, որ իրենք պատրաստ են զոհուելու իրենց հայրենիքին համար` աւելցնելով սակայն, որ իրենց ընտանիքներուն իրաւունքները կարմիր գիծ են: «Պետական գանձարկղի մսխումներուն պատճառը փտածութիւնն է եւ ոչ թէ համեստ դասակարգին ու նահատակներուն օրապահիկը», հաստատեցին անոնք:

 

 

 

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հասաւ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Արցախի Կառավարութեան Նիստին Նախագահ Բակօ Սահակեան Յանձնարարականներ Տուած Է

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?