Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ աւարտած է Բրիտանիա կատարած իր երկօրեայ այցելութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այցելութիւնը դրսեւորած է Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեան եւ յատկապէս պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պու Սաապ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցած է բրիտանացի իր պաշտօնակիցին` Պենի Մորտոնթի, Բրիտանիոյ բանակի հրամանատար Մարք Լենքեսթըրի, ինչպէս նաեւ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նիք Քարթըրի հետ:
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ հաստատեց, որ Պու Սաապի Բրիտանիա այցելութիւնը շատ յաջող եղած է: Ան շեշտեց, որ Բրիտանիա լիբանանեան բանակին օժանդակութեան յանձնառու կը մնայ եւ զայն հզօր դաշնակից կը նկատէ` երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնը հզօրացնելու նպատակով:
Ռամպլինկ ընդգծեց, որ Լոնտոնի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ Լիբանանի միակ օրինական պաշտպանը: