Մինչ Լեռնալիբանանի միջադէպը լուծելու կարելիութիւնը վերադարձած է զերօ կէտին, կառավարութեան նիստ մը գումարելու հաւանականութիւնը կը մնայ առկախ:
Հակառակ սպրդեցուած այն տեղեկութիւններուն, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը եւ պահանջած անկէ` կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել, եւ վերջինս խոստացած է, սակայն կառավարութեան գումարելիք յաջորդ նիստին թուականը տակաւին կը մնայ անորոշ:
Քաղաքական այս անորոշութեան կողքին, այս շաբաթավերջին արդէն իսկ սկսող եւ գրեթէ ամբողջ շաբաթ մը տեւող Ատհայի եւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօները երկրին մէջ կը ստեղծեն արձակուրդային մթնոլորտ մը, որ համահունչ է ամրան եղանակին:
Շաբաթավերջին Լեռնալիբանանի միջադէպին մասին կատարուած յայտարարութիւնները բաւական սահմանափակ էին:
Այս շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ վերահաստատեց, որ Լեռնալիբանանի միջադէպի լուծման կարելիութիւնը վերադարձած է զերօ կէտին եւ տեղքայլի մէջ է:
Իր կարգին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ իրենք բազմիցս խնդրած են, որ նախարարաց խորհուրդը հրաւիրուի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուի տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի դէմ մահափորձը եւ ըստ այնմ որոշուի, թէ այդ թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ կարելի՞ է փոխանցել, թէ՞ ոչ:



