Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ Պատասխանելով Ժահժահին. «Կառավարութիւնը Լիբանանի Ապօրինի Անցքերը Փակելու Որոշում Տուած Է»

August 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ Քեսրուանի Հարհարիա Քաթին շրջանին մէջ երէկ բացումը կատարեց «Բանակի» հրապարակին` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Նաամաթ Աֆրամի, Շաուքի Տաքքաշի եւ Ռոժէ Ազարի, ինչպէս նաեւ շարք մը զինուորականներու եւ շրջանի հեղինակութիւններուն:

Այս առիթով Պու Սաապ հաստատեց, որ իրենք բացումը կը կատարեն լիբանանեան բանակին նուիրուած հրապարակին` իբրեւ շրջանին բնակչութեան կողմէ բանակին նկատմամբ ունեցած սիրոյ արտայայտութիւն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի քաղաքապետական խորհուրդին եւ շրջանի բնակչութեան, որոնք տեղ յատկացուցած են եւ լիբանանեան բանակին անուամբ կոչուող հրապարակ մը շինած, ինչպէս նաեւ առիթը ստեղծած, որ այդ հրապարակին վրայ զետեղուի բանակին պատկանող հին թնդանօթ մը:

Պու Սաապ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին պարտականութիւններն են պաշտպանել հայրենիքը եւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողականութեան դէմ:

«Առաջին անգամն է, որ ներքին լիբանանեան առումով նման ապահովական կայունութիւն կը վայելենք, որովհետեւ ունինք զինեալ ուժերու հզօր գերագոյն հրամանատար մը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը:

Լիբանանեան բանակը կը պաշտպանէ երկրին բոլոր սահմանները` հիւսիսային, հարաւային եւ արեւելեան: «Ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ բանակը պաշտպանէ նաեւ լիբանանեան ջուրերը, յատկապէս` նաւթի եւ բնական կազի յատուկ տնտեսական գօտին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին` Պու Սաապ ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ժահժահին, որ բանակը պատասխանատու չնկատեց երկրին ապօրինի անցքերուն, սակայն ան պէտք է իմանայ, որ կառավարութիւնը Լիբանանի ապօրինի անցքերը փակելու որոշում տուած է, ինչպէս նաեւ բանակէն եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջած է սահմանային օրինական անցքերուն պարագային ըլլալ խստապահանջ»:

Քուրայի Մէջ

Նշենք, որ Պու Սաապ շաբաթավերջին այցելեց Քուրայի Պաթրամ շրջանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանի հետ: Ան Քֆարաքքայի մէջ եւս բացումը կատարեց «Բանակի» հրապարակին:

Քուրայի մէջ Պու Սաապ այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժորժ Աթալլայի բնակարանը, ուր ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Սելիմ Սաատէ:

Աթալլա ի պատիւ Պու Սաապի սարքեց ընթրիք մը, որուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցին ապահով գոյատեւելու ոչ մէկ երաշխիք ունին առանց հզօր բանակի մը, որ կարենայ զանոնք պաշտպանել թշնամի Իսրայէլէն եւ ահաբեկչութենէն:

Ան շեշտեց, որ քաղաքականութեան մէջ տարակարծութիւնները ընդունելի են, սակայն անոնք թշնամանքի պէտք չէ հասնին: «Ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել, եւ բոլոր համայնքներուն ու յարանուանութիւններուն ճակատագիրն է ազգային համերաշխութեամբ եւ միասնականութեամբ գոյատեւել», հաստատեց ան:

Ան նկատել տուաւ, որ նախագահ Աուն յանձնառու է երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանեան պետութիւնը հիմնելու նպատակով:

«Կարելի չէ դատական իշխանութիւններուն հաշուոյն քաղաքական հաշտութիւն մը կնքել: Այս շրջագիծին մէջ է, որ նախագահ Աուն կը պահանջէ դատական իշխանութեան  վստահիլ եւ ապահովութիւն պարտադրել, որպէսզի անոր յաջորդեն քաղաքական հաշտութիւնները», ընդգծեց Պու Սաապ:

 

 

 

Նախորդը

Այն Հելուէ. «Խումէյնի»-ի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւն Եւ Պիլալ Արքուպի Սպանութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.