Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանանի Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապը Սուր Է, Սակայն Երկիրը Սնանկացումի Սեմին Չի Գտնուիր»

August 6, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ «Եուրոնիուզ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը սուր է, սակայն երկիրը սնանկացումի սեմին չի գտնուիր:

Ան նշեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը փուլ պիտի չգայ` շնորհիւ մշակուած տնտեսական ծրագիրին:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը սուղ արժեց: Հըզպալլայի հետ մեր դաշինքը ժողովրդական եւ դիւանագիտական առումով սուղ արժեց, սակայն մենք շահեցանք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու միասնականութիւնը, որովհետեւ Հըզպալլա լիբանանցի ժողովուրդին մաս կը կազմէ եւ զինեալ խմբաւորում չէ», ընդգծեց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի հետ գործակցութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան սեփականութիւնը չէ, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը Հըզպալլայի գործակից են` ազգային միասնականութեան կառավարութեան ընդմէջէն:

«Անկարելի է Հըզպալլան ընդունիլ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, այնպէս ինչպէս կոչած է Ուաշինկթընը, եւ կարելի չէ Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ պատերազմին մեղսակցած ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններուն միջեւ բաղդատութիւններ կատարել», հաստատեց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը տարբեր է Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ընթացքէն: «Բայց եւ այնպէս պէտք է ընդունիլ, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները Լիբանանին վնաս կը հասցնեն», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը ջանայ այդ պատժամիջոցները վերացնել:

Ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մղած պայքարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի ջանքերը ո՛չ միայն երկրին շահերուն կը ծառայեն, այլեւ` ամբողջ Եւրոպայի շահերուն: «Հետեւաբար ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ Լիբանանը վերածել ահաբեկչութեան նոր գօտիի մը, ուրկէ ահաբեկչութեան ալիքը կը հասնի Եւրոպա եւ աշխարհի տարբեր անկիւններ», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ ինք շրջանային պատերազմի մը հաւանականութիւնը չի նախատեսեր` աւելցնելով, որ պատերազմի մը բռնկումի պարագային Իրանը, Ծոցի երկիրները, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան չեն կրնար անոր գինը վճարել:

Սուրիացի տեղահանուածներուն մասին Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք կը փափաքին, որ տեղահանուածները դէպի Սուրիա արժանապատիւ եւ ապահով տունդարձ կատարեն` նշելով, որ ներկայիս միջազգային ընտանիքը չի քաջալերեր սուրիացիներուն տունդարձը: «Միջազգային ընտանիքէն կը պահանջենք արտօնել, որ սուրիացի տեղահանուածները տուն դառնան», եզրափակեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Հասան Լազարինիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Նկատմամբ ՄԱԿ-ի Ցուցաբերած Զօրակցութիւնը

Յաջորդը

«Առանց Քաղաքական Եւ Ապահովական Կայունութեան Կարելի Չէ Ներդրում Եւ Տնտեսական Աճ Ապահովել» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.