Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Շամսէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:



