«Իմամ Մեհտի»-ի անուան սկաուտական շարժումը շաբաթավերջին Պաալպեքի մէջ կատարեց «Թմրամոլութեան, կոյր փամփուշտի եւ ծխելու ախտերը կանխարգիլելու» արշաւ մը` գործակցութեամբ Պաալպեքի քաղաքապետական համադաշնակցութեան եւ հովանաւորութեամբ` Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Խտըր նշեց, որ Պաալպեք-Հերմելի ապահովական կայունութիւնը այլ շրջաններէ շատ աւելի լաւ է` աւելցնելով, որ հոն արձանագրուած դէպքերը անձնական բնոյթի են եւ ոչ թէ համայնքային:
Ան խստիւ քննադատեց Եունինի դէպքին մասին ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարուող հեգնական գրառումները:
Ան նշեց, որ Եունինի դէպքին ընթացքին երկու ընտանիքներ կորսնցուցած են հարազատներ` աւելցնելով, որ երկու ընտանիքներն ալ սիրելի են իրենց համար: «Այդ դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուած է, եւ մենք կը սպասենք հետաքննութեան աւարտին` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները եւ իրականացնելու համար արդարութիւնը», հաստատեց ան:
Խտըր նշեց, որ թմրամոլութեան, կոյր փամփուշտի եւ ծխելու ախտերուն դէմ արշաւը սկսած է այն օրէն, երբ ստանձնած է նահանգապետի պաշտօնը, այսինքն` հինգ տարիէ ի վեր: Ան նշեց, որ այդ արշաւը կը յաջողի այն ժամանակ միայն, երբ բոլորը իրարու հետ միասնականութեամբ կը գործեն:
Ան յայտնեց, որ ինք յատուկ կերպով կը պայքարի անչափահասներու ծխելու երեւոյթին դէմ, յատկապէս սրճարաններու եւ ճաշարաններու մէջ անչափահասներու կողմէ կլկլակ ծխելու երեւոյթին դէմ, եւ այս իմաստով խիստ օրէնքներ պարտադրած է` աւելցնելով, որ այն սրճարանը եւ ճաշարանը, որ 18 տարիքը չամբողջացուցած պատանիին կլկլակ արտօնէ ծխել, կրնայ հետապնդուիլ այն աստիճան, որ անոր դռները փակուին:
Պաալպեք-Հերմել Համախմբումի Նիստ
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Պաալպեք-Հերմել համախմբումը գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Հիւսէյն Հաժ Հասանի, Ղազի Զաայթերի, Ալի Մըքտատի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Իհապ Համատէի եւ Ուալիտ Սըքքարիէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նահանգին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնցմէ հիմնականներն էին ապահովական միջադէպերը, որոնք հետեւանք են ազատութեան մէջ գտնուող կարգ մը ոճրագործներու, որոնք քաղաքացիներուն արժանապատուութեան դէմ ոտնձգութիւններ կը գործեն:
Համախմբումը ընդգծեց, որ նման ոճիրներու դէմ դնելը լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն առաքելութիւնն է` նկատի ունենալով, որ որեւէ շրջանի մը ապահովութիւնը անոնց պատասխանատուութիւնն է:
Այս իրականութենէն մեկնելով` համախմբումը կոչ ուղղեց մշակելու ապահովական նոր ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ որդեգրելու նախազգուշացնող ապահովական միջոցառումներ, որպէսզի կարենան երկաթեայ բազուկով հարուածել Պաալպեք-Հերմելի անվտանգութիւնը խախտող օրինազանցներուն` զանոնք դատելով Արդարութեան պալատներուն մէջ եւ զանոնք ենթարկելով խստագոյն պատիժներուն:
Միւս կողմէ, Պաալպեք-Հերմել համախմբումը շնորհաւորեց լիբանանցիները 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին 13-ամեակին, ինչպէս նաեւ «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան արձանագրած յաղթանակին 2-ամեակին առիթներով:
Պաալպեք-Հերմել համախմբումը ընդգծեց «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» երրորդութեան անհրաժեշտութիւնը իբրեւ կարեւոր հիմնասիւն` սիոնական-ամերիկեան եւ սիոնական-հաւատադրժողական նպատակներուն դէմ պայքարելու ու Լիբանանը անոնցմէ պաշտպանելու նպատակով:




