Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի նկատմամբ ՄԱԿ-ի ցուցաբերած զօրակցութեան մանրամասնութիւնները:
Քննարկուեցան յատկապէս ընտրական եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին կողմէ Լիբանանի տրամադրուած գումակային եւ թեքնիք օժանդակութիւնները:



