Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկօրեայ անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Եւրոպա:
Միւս կողմէ, նախքան իր մեկնումը, վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Թրիփոլիի նորընտիր քաղաքապետ Ռիատ Եամաքի եւ փոխքաղաքապետ Խալետ Ուալիի հետ` շնորհաւորելու համար անոնց ընտրութիւնը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց իր զօրակցութիւնը Թրիփոլիի քաղաքապետութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեց աշխատանքի կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար Թրիփոլիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն գործակցութիւնը` ի խնդիր Թրիփոլիի բարգաւաճման: