Կառավարութեան Կողմէ Այսօր Նիստ Մը Գումարելու Հաւանականութիւնը Ջնջուեցաւ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Քապըր Շմունի միջադէպն ու կառավարութեան նիստ մը գումարելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին միացաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը դրական եղած է, իսկ լուծումները արդէն իսկ վերջնական են:...




















