Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ երեկոյեան Էհտենի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ռիմա Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:
Ռիչըրտ դարձաւ Ֆրենժիէի ընթրիքի հիւրը, ապա ներկայ գտնուեցաւ «Էհտենիաթ» փառատօնին մասնակից երաժիշտ Միշել Ֆատելի ելոյթին:



