ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուի` ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու հարաւային Լիբանանի պատասխանատու Ղասսան Շամսէտտինի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Սայտայի եւ հարաւային Լիբանանի վերաբերող զարգացումները:



