Լիբանանեան

Վառելանիւթի Մարզի Սեփականատէրերը Առկախեցին Իրենց Գործադուլը

Վառելանիւթի Մարզի Սեփականատէրերը Առկախեցին Իրենց Գործադուլը

Վառելանիւթի մարզի սեփականատէրերը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ առկախած են իրենց գործադուլը: Վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք որոշած էին այսօր` հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2019-ին գործադրել գործադուլ մը` բողոքելու համար լիբանանեան թղթոսկին ամերիկեան տոլարի վերածելու առումով արձանագրուած գումարի փոփոխութեան դէմ: Ան նշեց, որ իրենց որոշումը փոփոխութեան ենթարկուած է, որովհետեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Շաուքի Տաքքաշ եւ Էտի Ապի Լամաա: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, վառելանիւթի սակերը նուազած են: Պենզինի թիթեղին սակը 400 լ. ոսկիով նուազած է, մազութինը` 100 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 300 լ. ոսկիով: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կ՛ընդգծէ Լիբանանցիներուն Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը` Առկայ Բոլոր Միջոցներով

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կ՛ընդգծէ Լիբանանցիներուն Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը` Առկայ Բոլոր Միջոցներով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պէյթէտտինի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար...

Նախագահ Աուն Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Դեսպաններու Լիազօրագրերը

Նախագահ Աուն Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Դեսպաններու Լիազօրագրերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ նոր նշանակուած դեսպաններու լիազօրագրերը: Անոնք են` Վենեզուելայի դեսպան Խեսուս Կրեկորիօ Կոնզալես, Ինտոնեզիոյ դեսպան Հաճրիանթօ Թոհարի, Հնդկաստանի դեսպան Սուհել Աճազ Խան, Փորթուգալի դեսպան Մարիա-Մանուելլա Ֆրէյթաս Պայրոս, Նոր Զելանտայի դեսպան Կրեկ Տէյվիտ Լուիս, Կուաթեմալայի դեսպան Լուիս Ռաուլ Էսթեվեզ Լոփեզ, Վրաստանի դեսպան Զազա Քանտելաքի, Պոսնիոյ դեսպան Մաթը Զեքօ եւ Փերուի դեսպան Փոլ...

Կառավարութիւնը Հաստատեց, Որ Թիւ 1701 Բանաձեւի Խախտումը Կը Սպառնայ Լիբանանի Կայունութեան

Կառավարութիւնը Հաստատեց, Որ Թիւ 1701 Բանաձեւի Խախտումը Կը Սպառնայ Լիբանանի Կայունութեան

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Վարչապետ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` շեշտելով, որ անոնք բացայայտ խախտում կը նկատուին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին եւ կը սպառնան Լիբանանի կայունութեան: Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ այդ բռնարարքները մերժելի են եւ դատապարտելի` աւելցնելով, որ շարք մը հաղորդակցութիւններ կը կատարուին` կասեցնելու...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Լիբանանի Իրաւունքն Է Տէր Կանգնիլ Իր Զօրութեան Յատկանիշներուն Եւ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Դէմ Ինքնապաշտպանութիւն Ցուցաբերել»  Շեշտեց Սելիմ Աուն

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանի Իրաւունքն Է Տէր Կանգնիլ Իր Զօրութեան Յատկանիշներուն Եւ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Դէմ Ինքնապաշտպանութիւն Ցուցաբերել» Շեշտեց Սելիմ Աուն

Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Իսրայէլ կը փորձէ 2006-էն ի վեր տիրող ընդհարումի կանոնները փոփոխութեան ենթարկել, եւ այդ փորձը մերժելի է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնարարքները կարելի չէ անջատել Իրաքի եւ Սուրիոյ...

«Ձեր Ջանքերը Կրցան Երկիրը Փրկել Ահաւոր Վիճակներէ»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Ձեր Ջանքերը Կրցան Երկիրը Փրկել Ահաւոր Վիճակներէ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 74-ամեակը եւ զինուորականներուն ուղղած իր ցուցմունքներու պատգամին մէջ շեշտեց, որ անոնցմէ կը պահանջուի լաւագոյն վարուելակերպը ցուցաբերել, մեծ թիւով զոհողութիւններ մատուցել` իրենց տուած խոստումին համապատասխան, եւ ինչ որ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, շարունակել պաշտպանել Լիբանանը եւ ծառայել լիբանանցիներուն` ըլլան անոնք այցելուներ կամ տեղացիներ: «Ապահովական մակարդակի վրայ ձեր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը դատաւոր Թաննուս Մըշլեպը ընտրեց իր նախագահը, Աքրամ Պաասիրին` փոխնախագահ, եւ Աունի Ռամատանը` ընդհանուր քարտուղար: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք 2020-ի պետական ամավարկը մշակած է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ինք պատրաստ է ամավարկը իբրեւ նախագիծ ներկայացնելու կառավարութեան: Նշենք, որ Խալիլ 2020-ի պետական ամավարկը քննարկեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթայշի հետ: ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ...

«Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Գործուած  Իսրայէլեան Բռնարարքը Պատերազմի Համազօր Է,  Իսկ Լիբանան Իրաւունք Ունի Պաշտպանելու  Իր Անկախութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքը Պատերազմի Համազօր Է, Իսկ Լիբանան Իրաւունք Ունի Պաշտպանելու Իր Անկախութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Իսրայէլեան օդուժը կիրակիէն երկուշաբթի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծեց Զահլէի արեւմուտքը գտնուող Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան` թիրախ դարձնելով Քուսայայի մէջ գտնուող` Ահմետ Ժըպրիլի ղեկավարած Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր հրամանատարութեան դիրքերը: Ըստ ականատեսներու, առաջին ռմբակոծումը արձանագրուեցաւ առաւօտեան ժամը 1:11-ին, երկրորդ ռմբակոծումը` ժամը 1:25-ին, իսկ երրորդ ռմբակոծումը` ժամը 1:35-ին: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը հակաօդայիններով հակադարձեց իր դիրքերը ռմբակոծող իսրայէլեան օդուժին: Ռմբակոծումի ենթարկուած...

Պըրրի Ընդունեց Քուպիչը Եւ Զօրակցական  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը  Ստացաւ Քուէյթցի Իր Պաշտօնակիցէն

Պըրրի Ընդունեց Քուպիչը Եւ Զօրակցական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Քուէյթցի Իր Պաշտօնակիցէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը` Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն լոյսին տակ: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Իան Ուալթմանս: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նշենք, որ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմ  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ եւ զօրակցութիւն...

Վարչապետ Հարիրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային  Ընտանիքին` Մերժելու Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ  Իսրայէլի Գործած Բացայայտ Ոտնձգութիւնը»

Վարչապետ Հարիրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Միջազգային Ընտանիքին` Մերժելու Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլի Գործած Բացայայտ Ոտնձգութիւնը»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպաններուն արտակարգ հանդիպումին, որ գումարուեցաւ իր հրաւէրով: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան, Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Պենճըմին Ուասթնիկ եւ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակատար Սալինա Կրոնիէ - Քաթալանօ: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց,...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ.  Հըզպալլայի Եւ Ամալ Շարժումի  Պատասխանատուները Գումարեցին Նիստ Մը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. Հըզպալլայի Եւ Ամալ Շարժումի Պատասխանատուները Գումարեցին Նիստ Մը

Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի Հարաւային Լիբանանի պատասխանատուները գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները` յատկապէս հարաւային Լիբանանին վերաբերող: Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք լիբանանցիները շնորհաւորեցին 2006-ին Իսրայէլի դէմ եւ 2017-ին ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակներուն առիթով: Անոնք հաստատեցին Դիմադրութեան ընտրանքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Դիմադրութիւնը կ՛ազատագրէ երկիրը եւ կը պաշտպանէ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու...

Ուաֆիք Սաֆա. «Հըզպալլայի Եւ Բանակին  Միջեւ Համադրումը Մնայուն Է»

Ուաֆիք Սաֆա. «Հըզպալլայի Եւ Բանակին Միջեւ Համադրումը Մնայուն Է»

Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային վրայ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած կռիւներուն անձամբ հետեւած է: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ համադրումը մնայուն է` աւելցնելով, որ երկու տարի առաջ մղուած ահաբեկչութեան մաքրագործումի կռիւներուն ընթացքին եւս անիկա առկայ եղած է: Սաֆա հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այսօր` երեքշաբթի, 27 օգոստոս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 2019-2030 աղբահանումի ամբողջական տնօրինման ուղեգիծը: ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Թուրքիոյ մէջ մնացած լիբանանցիներէն խնդրեց չորեքշաբթի, 28 օգոստոս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 1:00-ին Անթալիոյ օդակայանը ուղղուիլ, որպէսզի զանոնք Լիբանան փոխադրեն: Նշենք, որ մեծ թիւով լիբանանցիներ «Նիւ փլազա թուրզ» ճամբորդական...

Հարաւային Արուարձանները Ականահարումի Թիրախ` Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Կողմէ.   Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանին Կանգնած Իսրայէլացի Զինուորները Այս Գիշերուընէ Սկսեալ Թող Անապահով Վիճակի Մէջ Ըլլան Եւ Սպասեն Մեզի»

Հարաւային Արուարձանները Ականահարումի Թիրախ` Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Կողմէ. Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանին Կանգնած Իսրայէլացի Զինուորները Այս Գիշերուընէ Սկսեալ Թող Անապահով Վիճակի Մէջ Ըլլան Եւ Սպասեն Մեզի»

Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին: Անոնցմէ մէկը խանգարուեցաւ եւ ինկաւ, իսկ միւսը ականահարեց շրջանի Մուաուատ փողոցը` հսկայական վնասներ պատճառելով Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին, ինչպէս նաեւ փշրելով անոր շրջակայքը գտնուող շէնքերուն ապակիները: Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը այդ յարձակումը նկատեց անարգ բռնարարք մը` շեշտելով, որ այդ մասին Հըզպալլայի պաշտօնական պատասխանը պիտի տրուի Հըզպալլայի...

Պէյթէտտինի Մէջ.  Նախագահ Աուն Ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթը Եւ Շեշտեց Հաշտութիւններու Անխախտ Ըլլալու Իրականութիւնը

Պէյթէտտինի Մէջ. Նախագահ Աուն Ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթը Եւ Շեշտեց Հաշտութիւններու Անխախտ Ըլլալու Իրականութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Շամիի, շաբաթ կէսօրին Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` անոր կնոջ` Նուրա Ժոմպլաթի եւ զաւկին` Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կնոջ` Շանթալ Աունի, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի գլխաւոր խորհրդատու Միրէյ Աունը իր ամուսնոյն` Ռոյ...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Կենսոլորտի Նախարարը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Կենսոլորտի Նախարարը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթին: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Սապունճեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կոյաջուրերու եւ անոնց համար սարքուելիք զտարանին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով, որ այդ զտարանը պէտք է...

«Ձեր Երդումին Նկատմամբ Նուիրուած Եւ Անաչառ Եղէ՛ք»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ձեր Երդումին Նկատմամբ Նուիրուած Եւ Անաչառ Եղէ՛ք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամ 2:00-ին Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց  Սահմանադրական խորհուրդի անդամները, որոնք նախագահ Աունի ներկայութեան կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Սահմանադրական խորհուրդի անդամներուն` իրենց երդումին նկատմամբ նուիրուած եւ անաչառ ըլլալու: Նախագահ Աուն ընդգծեց երկրին սահմանադրութեան հաւատարիմ մնալու եւ գործառնութիւնները գաղտնապահութեամբ կատարելու կարեւորութիւնը: Նախագահ Աուն Սահմանադրական խորհուրդին յաջողութիւն մաղթեց` նկատել տալով, որ խորհուրդի...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանի Մէջ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանի Մէջ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ պետական պաշտօնատարներուն հետ: Նուազ քան 24 ժամ տեւած Չաւուշօղլուի այցելութիւնը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 1:30-ին, երբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլ զինք դիմաւորեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Չաւուշօղլու այցելեց Պէյթէտտին, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի...

Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակին Մասին Միջազգային Վարկանիշը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակին Մասին Միջազգային Վարկանիշը Հրապարակուեցաւ

Շուրջ տասը օրէ ի վեր սպասուած Լիբանանի տնտեսական իրավիճակի միջազգային վարկանիշը հրապարակուեցաւ երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին: Ըստ «Ֆիչ» գործակալութեան Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը ներկայացնող վարկանիշը նուազած է B- վարկանիշէն CCC-ի: Իսկ «Սթենտըրտ էնտ փուրզ» գործակալութեան համաձայն, Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը ներկայացնող վարկանիշը մնացած է անփոփոխ, այսինքն` B- : «Սթենտըրտ էնտ փուրզ» գործակալութիւնը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային, որոշ բարգաւաճում մը...

Page 531 of 988 1 … 530 531 532 … 988

Արխիւներ