Լիբանանեան

Չինաստանի Մէջ.  Նախարար Կիտանեան Կը Քննարկէ Զբօսաշրջական  Փոխադարձ Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Չինաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Կը Քննարկէ Զբօսաշրջական Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Չինաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ մեծ թիւով չինացի պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-չինական երրկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Փեքինի լիբանանեան դեսպանատան կողմէ նախարար Կիտանեանի ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որ եղաւ նաեւ առիթ մը հանդիպումներ ունենալու Չինաստանի մէջ գտնուող արաբական կարգ մը երկիրներու, ինչպէս` Քուէյթի,...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Օմանցի  Առեւտրականներու Պատուիրակութիւն Մը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Օմանցի Առեւտրականներու Պատուիրակութիւն Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Օմանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու ներկայացուցիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Քայս պըն Մոհամետ Եուսեֆի եւ ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի եւ Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Պատըր պըն Մոհամետ Մունզիրիի, ինչպէս նաեւ Օմանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալպեր Սմահայի: Հանդիպումէն ետք Եուսեֆ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին նպատակն է Օմանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներուն...

«Հաշտութեան Մթնոլորտը Պէտք Է Ամրապնդել  Եւ Տնտեսական Թղթածրարը  Անհրաժեշտութիւն Նկատել»  Շեշտեց Պըրրի

Պըրրի. «Տնտեսական Կացութիւնը Շատ Վտանգաւոր Է»

Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նապաթիէի «Աշուրա» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգման 41-ամեակին նուիրուած ժողովրդային ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Միւս կողմէ, երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի շեշտեց, որ երկուշաբթի օր Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական երկխօսութիւնը`...

Հրդեհ` Լիբանանեան Պետական  Պատկերասփիւռի Կայանին Մէջ.  «Երկաթէ Կամուրջ»-ը Փուլ Եկաւ

Հրդեհ` Լիբանանեան Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին Մէջ. «Երկաթէ Կամուրջ»-ը Փուլ Եկաւ

Երէկ երեկոյեան հրդեհ մը բռնկած է Լիբանանեան պետական «Թէ. Էլ.» պատկերասփիւռի կայանին մէջ, որուն պատճառը, ըստ տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահի, ելեկտրական կարճ միացումն է: Ան վստահեցուց, որ պատկերասփիւռի կայանը շուտով պիտի վերսկսի իր աշխատանքներուն: Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ բեռնատար մը բախած է պատմական շոգեկառքի երկաթուղիին («երկաթէ կամուրջը»), որ երկար տարիներէ ի վեր անգործածելի էր: Երկաթուղին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ հաստատեց, որ վախի եւ իրարանցումի կարիք չկայ` աւելցնելով, որ կարելի չէ Կեդրոնական դրամատունը առանց իր փոխկառավարիչներուն պահել: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Լաքքիս շեշտեց, որ տնտեսական հանդիպումը առիթ մըն է` էական եւ կարեւոր որոշումներ տալու: Ան աւելցուց, որ իրենց նպատակները իրականացնելու համար ոչ մէկ ջանք պիտի խնայեն: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման հաստատեց, որ իրենք փափաքած են կառավարութեան...

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Յայտնեց  Համացանցի Անվտանգութեան Ծրագիրին

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Յայտնեց Համացանցի Անվտանգութեան Ծրագիրին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պէյթէտտինի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուցած է համացանցի անվտանգութեան ծրագիրը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` պաշտպանելու համար կառավարութիւնը, նախարարութիւններն ու հաղորդակցութեան միջոցները:...

Նախագահ Աուն Երկուշաբթի Օր  Պիտի Նախագահէ Տնտեսական Կացութեան  Յատուկ Երկխօսութեան Նիստին

Նախագահ Աուն Երկուշաբթի Օր Պիտի Նախագահէ Տնտեսական Կացութեան Յատուկ Երկխօսութեան Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին, Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ տնտեսական երկխօսութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի փորձէ յստակացնել Լիբանանը տնտեսական տագնապէն փրկելու յատուկ ծրագիր մը` առաջադրելով տնտեսական իրավիճակի փրկութեան իր պատկերացումը: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ տնտեսական երկխօսութեան նիստին ընթացքին պիտի ներկայացնէ նոր միտքեր, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ տնտեսական բարդ տագնապը լուծման ճշգրիտ...

Սահմանային Կապոյտ Գիծին Վրայ  Կը Տիրէ Զգուշաւոր Լռութիւն

Սահմանային Կապոյտ Գիծին Վրայ Կը Տիրէ Զգուշաւոր Լռութիւն

Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը աշխուժացուցին իրենց շրջուն ջոկատները` հսկելու համար սահմանային խաղաղութեան: Մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը կատարէին իրենց հսկողութիւնը, իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր Արքուպի, Հասպայայի, Ժապալ Շէյխի եւ Մերժահիունի վերեւ թռիչքներ կատարեցին` ոտնձգութիւն գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ: Նշենք, որ ամբողջ օրուան ընթացքին սահմանին վրայ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն:...

Յորդանանի Մէջ.   Վիճակագրութեան Ու Հետազօտութեան  Արաբական Հիմնարկի Ընդհանուր Ժողով

Իտալիոյ Մէջ Վիճակագրութեան Լիբանանեան Համակարգի Օժանդակութեան Յատուկ Ծրագիրի Քննարկում

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան վաղը` շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ին պիտի ուղղուի Հռոմ, քննարկելու եւ ուսումնասիրելու համար Իտալիոյ կողմէ Լիբանանի վիճակագրութեան համակարգին յատկացուած օժանդակութեան յատուկ ծրագիրը: Դոկտ. Կիտանեանի պիտի ընկերակցին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատակազմէն` ծրագիրի համադրող Մարլեն Պախոս, ընկերային գիտութեանց փորձագէտ դոկտ. Լարա Պատըր եւ վիճակագրական հաշուարկի մասնագէտ Մայսա Տահեր:  

Սուրիացի Տեղահանուածներ  Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

Սուրիացի Տեղահանուածներ Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ գործակցութեամբ տեղահանուածներու հարցով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն խորհուրդին, 787 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան իրենց գիւղաքաղաքները: Սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովուեցաւ Մասնաայի, Քաայի, Ապպուտիէի, Արսալի եւ Զամարանի անցքերուն միջոցով: Թրիփոլիի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ մեծ թիւով տեղահանուածներ համախմբուեցան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ցուցմունքներուն հետեւելով կատարեցին փաստաթուղթերու ստուգման...

Պըրրի Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Լիթանիի  Ապականումի Համեմատութիւնը Նուազեցնելու Ջանքերը

Պըրրի Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Լիթանիի Ապականումի Համեմատութիւնը Նուազեցնելու Ջանքերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ Լիթանի գետի վարչութեան պատասխանատու Սամի Ալաուիէի: Հանդիպումին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան եւ Լիթանիի վարչութեան միջեւ գործակցութիւնը` գետին ապականումը վերացնելու նպատակով: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որ Լիթանիի ապականումի համեմատութիւնը նուազեցնելու ջանքերը իրագործուին եւ այդ ապականումը...

Շէյխ Նայիմ Հասան  Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Շէյխ Նայիմ Հասան Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան` ընկերակցութեամբ անոր քաղաքական խորհրդատուին` Համիտ Թանիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այս մասին շէյխ Հասան ընդգծեց միջիսլամական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ երկխօսութեան եւ իրարու նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն վարելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց շրջանի երկիրներուն միասնականութեան, կայունութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովուրդներուն ազատութեան ու ժողովրդավարութեան իրաւունքին յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը,...

Բանակի Սպայակոյտի Պետը Ստուգեց  Մասնայատուկ Ուժերու Ռումիէի Ջոկատը

Բանակի Սպայակոյտի Պետը Ստուգեց Մասնայատուկ Ուժերու Ռումիէի Ջոկատը

Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ամին Օրմ երէկ այցելեց բանակի մասնայատուկ ուժերու Ռումիէի ջոկատը: Օրմ ստուգեց զօրանոցը, ինչպէս նաեւ ստուգեց մասնայատուկ ուժերուն իրագործած նուաճումները, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատուկ կարիքները: Օրմ հանդիպումներ ունեցաւ մասնայատուկ ուժերու պատասխանատուներուն հետ` անոնց փոխանցելով իր ցուցմունքները: Օրմի այցելութեան առիթով մասնայատուկ ուժերը գործադրեցին կենդանի ռազմափորձ մը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ զայն հակակշռելու իմաստով: Օրմ բարձր գնահատեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իրաւունքները իրաւատիրոջ վերադարձնելու եւ բարգաւաճումը աշխուժացնելու, որպէսզի հողային կալուածներու վաճառք չկատարուի: ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու եւ վերջ տալու ինքզինք զանց կացուցելու թատրոնին: ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպին,...

Հարաւային Արուարձաններուն Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Տրուելիք  Հըզպալլայի Պատասխանը Կը Մնայ Երկիրը Յուզող Առաջնահերթութիւնը

Հարաւային Արուարձաններուն Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Տրուելիք Հըզպալլայի Պատասխանը Կը Մնայ Երկիրը Յուզող Առաջնահերթութիւնը

Մինչ Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն հետեւանքները կը շարունակեն տիրական ներկայութիւն դառնալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ, կառավարութիւնը այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պէյթէտտինի մէջ պիտի գումարէ ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի: Միացեալ յանձնախումբերը խստիւ դատապարտեցին...

Նախագահ Աուն Շարունակեց Հետեւիլ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Որոշումներուն Գործադրութեան Հոլովոյթին

Նախագահ Աուն Շարունակեց Հետեւիլ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Որոշումներուն Գործադրութեան Հոլովոյթին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումներուն գործադրութեան հոլովոյթին: Այդ որոշումները կը վերաբերին շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած բռնարարքներուն: Նախագահ Աուն հետեւեցաւ նաեւ այդ յարձակումին մասին Զինուորական ատեանի ընդհանուր դատախազութեան բացած հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ այդ բռնարարքներուն մասին արձանագրուած ներքին եւ արտաքին կեցուածքներուն: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Պաաքլինի տիկնանց...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Բռնարարքին Դէմ Լիբանանեան Համախոհութիւնը Յաղթանակի Նախաաւետիսն Է»

Պըրրի. «Իսրայէլեան Բռնարարքին Դէմ Լիբանանեան Համախոհութիւնը Յաղթանակի Նախաաւետիսն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնարարքին դէմ լիբանանեան համախոհութիւնը յաղթանակի նախաաւետիսն է` լիբանանեան ազգային միասնականութեան մակարդակով: Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական հանդիպումին ընթացքին արծարծուելիք հարցերուն` շեշտելով, որ պահանջուած է, որ տնտեսական-ելեւմտական բնոյթ ունեցող Ազգային երկխօսութեան այդ նիստէն բխին կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ շօշափելի...

Չինաստանի Մէջ.   Նախարար Կիտանեան Քննարկեց Լիբանանը Չինացի Զբօսաշրջիկներուն Ուղղութեան Կիզակէտը Դարձնելու Հեռանկարները

Չինաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Քննարկեց Լիբանանը Չինացի Զբօսաշրջիկներուն Ուղղութեան Կիզակէտը Դարձնելու Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Չինաստան` ընդառաջելով այդ երկրի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լիու Չիանկի հրաւէրին, երէկ ունեցաւ իր առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները: Նախարար Կիտանեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան Չիանկի եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէններուն հետ` ներկայութեամբ նաեւ Չինաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Միլիա Ժապպուրի: Հանդիպումին...

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանան Արաբական Լիկայէն Պիտի Խնդրէ Յատուկ Նիստ Մը Գումարել` Քննարկելու Համար Իր Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքները» Շեշտեց Քանայի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Դիւանագիտական այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի (դիւանագիտական անձնակազմի պետ), Օմանի դեսպան Պատըր պըն Մոհամետ Մունզիրի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Մարոքի դեսպան Մոհամետ Աքրին, Ալճերիոյ դեսպան Ահմետ Ապու Զայեան, Սուտանի դեսպան Ալի Սատեք...

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Արսալ Եւ Ընդունեց Քուպիչը

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Արսալ Եւ Ընդունեց Քուպիչը

Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին յայտարարած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Արսալի Տըպ հովիտը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց 2014-ին ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ առեւանգուած եւ սպաննուած բանակայիններուն նուիրուած յուշարձանին, ինչպէս նաեւ վառեց ջահը` նահատակ բանակայիններուն յիշատակը յաւերժացնելու համար: Զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ յուշարձանը բանակայիններու եւ քաղաքայիններու նորահաս սերունդներուն կ՛ուղղէ ահաբեկչութեան դաւադիր...

Page 530 of 988 1 … 529 530 531 … 988

Արխիւներ